Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ Եւ Արսլան Տիւրզի Համայնքին Իրաւունքները Կը Պահանջեն

November 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jumblatt-arslan_111616

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ առաւօտեան ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ ակնարկելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հաստատեց, որ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ կը փափաքի բռնի ուժով ստանալ իր բաժինը` աւելցնելով, որ ուժային նախարարութիւններուն անկարելի է մօտենալ, որովհետեւ անոնք մեծերուն բաժինը կը նկատուին:

«Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը ընկղմելէ ետք մեզի կ՛առաջարկուի: Հաւանաբար այս յայտարարութիւնս ոմանց տրամադրութիւնը խանգարէ, սակայն կը նախընտրենք մնալ առողջապահութեան նախարարութեան մէջ», գրեց Ժոմպլաթ` աւելցնելով, որ կառավարութեան մէջ զիրենք ներկայացնելու բանակցութիւնները պիտի վստահի ընթացաւարտ կառավարութեան առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ նախկին նախարար Մարուան Համատէի` նկատի ունենալով, որ ինք յառաջիկայ քանի մը օրերուն հաղորդակցութեան միջոցներէ հեռու վերանցական խոկումի մէջ պիտի գտնուի:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան զօրակցութիւն յայտնեց Ժոմպլաթի կատարած յայտարարութեան` շեշտելով, որ առաջին կարգի եւ երկրորդ կարգի յարանուանութիւններ չկան, եւ տիւրզի համայնքը իր նպաստը ունեցած է լիբանանեան պետութեան կերտման մէջ:

Ան շեշտեց, որ այսպէս կոչուած ուժային նախարարութիւնները այս կամ այն կողմին կամ յարանուանութեան սեփականութիւնը չեն նկատուիր:

ՄԻՒՍ կողմէ, Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ պատասխանելով Ժոմպլաթին յայտնեց, որ անոր վարած քաղաքականութեան պատճառով տիւրզի համայնքը Թաէֆի համաձայնագիրէն ի վեր լուսանցքայնացած է` աւելցնելով, որ Ժոմպլաթ ուղղակիօրէն պատասխանատու է տիւրզի համայնքին լուսանցքայնացումին եւ մեծ նախարարութիւններ ստանձնելէ անոր զրկումին:

 

Նախորդը

Ժահժահ Ժեմայէլի Հետ Կը Հաստատէ Լիբանանեան Ուժեր Եւ Փաղանգաւոր Կուսակցութիւններուն Միջեւ Բնական Յարաբերութիւնը

Յաջորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Դրական Ընթացքի Մէջ Է Եւ Կը Յուսանք, Որ Անոր «Ծնունդ»-Ը Մօտալուտ Ըլլայ»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.