Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Ոչ Միայն Խորհրդարանի Զենումն Է, Այլ Նաեւ` Նոր Իշխանութեան»

November 14, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_amal_students_111316

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Ամալ շարժումի ուսանողները, որոնք վերջերս համալսարանին մէջ տեղի ունեցած ուսանողական խորհուրդի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած էին:

Պըրրի ըսաւ, որ քաղաքականութիւնը մարզական խաղ մըն է, որ կը ծառայէ երկրին շահերուն: «Անիկա մարզական մրցում մըն է` երկրին շահերը ապահովելու համար, եւ ոչ թէ ոխակալութիւն: Այն երկիրը, ուր քաղաքականութիւնը կ՛օգտագործուի ոխակալութեան նպատակով, բացարձակապէս  բարգաւաճում կամ քաղաքական յառաջխաղացք չ՛արձանագրեր», յայտնեց ան:

Պըրրի յայտնեց, որ աւելի քան երկուքուկէս տարուան նախագահական աթոռի թափուր մնալէն ետք իրենք յաջողած են ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը` աւելցնելով, որ անոր ընտրութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են երկրին քաղաքական ներկապնակը ներկայացնող բոլոր ուժերը:

«Իսկ այս հանգրուանին մենք անհրաժեշտ կը գտնենք, որ կառավարութիւնը կազմուի երկրին Անկախութեան տօնէն առաջ, որպէսզի համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով ժամանակ ունենանք», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ երբ համամասնական ընտրական օրէնքի հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին, ինք հարաւային Լիբանանի մէջ չորս երեսփոխան կը կորսնցնէ, սակայն Լիբանանը կը շահի: «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ համաձայնութիւն գոյացած է` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով: Երեսփոխանական ընտրութիւնները յառաջիկայ մայիս 2017-ին են, սակայն մենք կրնանք երկու ամիս առաջ ալ կատարել այդ ընտրութիւնները», ըսաւ ան` զգուշացնելով խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հաւանականութենէն: «Խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ոչ միայն խորհրդարանի զենումն է, այլ նաեւ` նոր իշխանութեան», շեշտեց ան` վերահաստատելով ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանանի ապահովական կայունութեան` Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի դիմադրողականութեան, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն շնորհիւ երկրին ապահովական կայունութիւնը կը պահպանուի, «սակայն մենք հանգիստ չենք կրնար քնանալ, որովհետեւ մեր դրացի երկիրը պատերազմի մէջ կը գտնուի, իսկ Իսրայէլ ինքնին բաւարար է մեր անդորրը խանգարելու», ըսաւ ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական համախոհութեան պահպանումը կարեւոր է, «որպէսզի կարենանք պահպանել մեր երկիրը եւ շրջանին հարցերը լուծելու իմաստով ստանձնել մեր դերակատարութիւնը, առանց մոռնալու մեր իսկական կողմնացոյցը` Պաղեստինը»:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, որ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն ետք:

Ալի շեշտեց, որ հանդիպումը եղած է նաեւ առիթ մը` խորհրդարանի նախագահին հետ խօսելու սուրիական բանակին արձանագրած յաղթանակներուն մասին` Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ:

Ալի յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու նոր կառավարութեան կազմութիւնը իրենց ներդրումը ունենան լիբանանեան նոր իշխանութեան յաջողութեան մէջ եւ ամրապնդեն երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Ալի նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ առեւտրական կապերը վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ալպեր Մանսուր:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Կառավարութիւն Եւ Ընտրական Նոր Օրէնք Պիտի Ունենանք»

Յաջորդը

Լիբանանի Իշխանութեան Երեք Պետերը Սէուտական Արաբիոյ Ցաւակցութիւն Կը Յայտնեն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.