Ինչպէս ծանօթ է, երկու օր առաջ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին հայրենի կռփամարտիկները յարձակումի ենթարկուեցան ազրպէյճանցիներուն կողմէ, որոնք նաեւ քարեր տեղացուցին Հայաստանի պատուիրակութեան ուղղութեամբ:
Ասոր ի տես, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ այս ախոյեանութեան աւարտին, երբ հայրենի պատուիրակութիւնը վերադառնայ Պաքուէն, պիտի դիմուի համապատասխան քայլերուն:
«Առայժմ մենք այդ մէկը զսպուածութեամբ կ՛ընդունինք` նկատի ունենալով, որ մրցաշարքը ցարդ չէ աւարտած եւ մեր մարզիկները կը գտնուին հոն: Մօտիկ ապագային մեր պաշտօնական յայտարարութիւնը պիտի ներկայացուի հանրութեան», նշուեցաւ այդ հաղորդագրութեան մէջ:


