Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆ. ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԼԱՆՋԵՐՈՒՆ ՊԱՐԵՆՔ… ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ ԿԵՆԱՑՆԵՐ ԽՄԵՆՔ…

October 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

«Մուսա Լերան գիւղերէն, Այնճար եկած ենք…»:

Մուսա Լեռ… Լեռ մը, որուն խորհրդանիշն է հերոսութիւնը:

Այնճար… Գիւղ մը, որուն դրոշմն է` հայկականութիւնը:

Ինչպէ՞ս կարելի է Հայոց պատմութիւնը սերտել եւ չոգեւորուիլ Մուսա Տաղի հերոսամարտով:

Ինչպէ՞ս կարելի է Լիբանան ապրիլ եւ չհպարտանալ Այնճարով:

1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին, երբ թուրքը որոշեց ամէն գնով վերջնականապէս խլել հայութեան հողերը, եղան շրջաններ, որոնք ոչխարի նման յանձնուեցան թուրքին եաթաղանին: Ուրիշներ «Ազատութիւն կամ մահ» դրօշը բարձրացուցած` մերժեցին հետեւիլ թուրքին գծած ճակատագրին, որովհետեւ գիտէին, թէ իրենց երթը պիտի առաջնորդուէր ոսկեզօծ դրօշակով մը, որուն վրայ հիւսուած էր «Յաղթանակը»:

Մուսա Լեռը այն շրջաններէն եղաւ, որուն համար պատուաւոր մահը, իր պապենական ժայռերուն վրայ, շատ աւելի անուշ էր, քան ապրիլ շան մը նման` բարբարոս թուրքին ոճրագործ ձեռքերուն տակ:

1915-ին Մուսա Լերան հայութիւնը արդէն ամփոփուած էր 6 հայաբնակ գիւղերու մէջ` Հաճի Հապիպլի, Վագըֆ, Խըտըրպէկ, Պիթիաս, Եողուն Օլուք եւ Քապպուսիէ: Ուրբաթ, 30 յուլիսին, Ճեպել Մուսան ալ ստացաւ տարագրութեան պաշտօնական հրահանգը: Շրջանին հայութեան որոշումը շատ յստակ էր ու վճռական… Լեռ բարձրանալ ու մինչեւ վերջին շունչ պայքարիլ թշնամիին դէմ: Եւ այդպէս, Մուսա Լերան 5311 բնակիչներէն 4231-ը բարձրացաւ լեռ ու սպառնալիք ղրկեց թուրքին` ըսելով. «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»: 40 օրուան մէջ եւ 3 ճակատամարտերու իբրեւ արդիւնք` մուսալերցիք կատարեալ յաղթանակ ձեռք ձգեցին, դառնալով քաջութեան ու արիութեան մարմնացումը:

Ու այսպէս, բնականաբար, մուսալեռցիները եղան մեր ժողովուրդի հերոս տարրերը, որոնք հսկայական ներդրում ունեցան մեր զինեալ պայքարի պատմութեան մէջ: Յիշեցնեմ որ զինեալ պայքարի ռահվիրան` Պետիկ Ինճէեանը մուսալեռցի-այնճարցի մըն էր: Մեր ազգային ու մտաւորական կեանքին մէջ ալ յստակ են մուսալեռցիներուն անկրկնելի ծառայութիւնները` Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Սարգիս Զէյթլեանի, Պօղոս Սնապեանի…

Մուսա Լեռը դադրեցաւ միմիայն ժայռ մը ըլլալէ, այլ դարձաւ սփիւռքահայութեան նոր Մասիսը: Մուսա Լեռը դարձաւ այն վէմը, որուն վրայ յենեցաւ ոչ միայն մուսա լեռցին, այլ անկէ շունչ առաւ նաեւ սփիւռքահայը` անգամ մը եւս շեշտելով այն գաղափարը, որ` «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:

Իսկ մուսալեռցին դարձաւ այն տիպարը, որուն ընկերակցութիւնը եւ ներկայութիւնը փափաքելի էր ամէնուրեք: Այս մէկը շատ յստակ է մինչեւ օրս մեր այնճարցի բարեկամ-բարեկամուհիներու հարազատ ներկայութեամբ:

Ճեպել Մուսայէն` Փոր Սայիտ, ապա դարձեալ Մուսա Լեռ: Մուսա Լեռէն Թրիփոլի, Թրիփոլիէն Պասիթ եւ վերջապէս` Այնճար, ուր մուսալեռցին փաստեց, թէ ինք ո՛վ է, ուրկէ՛ եկած է ու դէպի ո՛ւր կ՛երթայ:

Մուսալեռցիք լեռը վերածեցին ժայռի, ժայռը վերածեցին հողի, իսկ հողը` հացի: Բազմացան, բարձրացան, շէնցուցին, ստեղծագործեցին եւ վերստին ապրեցան իսկական փիւնիկի նման:

Ահաւասիկ այսօր կը վայելենք դրախտավայր Այնճարը, ուր մուսալեռցիք, հոն հասնելու առաջին իսկ օրէն, սկսան նախապատրաստական աշխատանքի ու հիմնեցին ազգային, կրթական, հոգեւոր ու մշակութային կառոյցներ: Այնճար տակաւին պահած է սուէտահայոց գաւառաբարբառը` հայ ժողովուրդի ազգագրական գանձերէն մին: Մուսալեռցիք գիւղը վերածեցին փոքրիկ Հայաստանի ուր իսկապէս ամէն ինչ ու ամէն բան հայկական է:

Գիւղը տարուէ տարի նուաճումներ արձանագրեց` այնճարցիներուն օրինապաշտ եւ նուիրեալ, յանդուգն եւ խիզախ, հիւրընկալ եւ հիւրասէր, իմաստուն եւ սրամիտ, արուեստասէր ու արուեստագէտ, տիպար ու վճռական ըլլալուն պատճառով:

Հետաքրքական է` ինչպէս պատկանելիութիւնս փոխուած է ծննդավայրիս` Պէյրութի նկատմամբ: Այսօր Այնճարի հողին վրայ է որ ես ինքզինքս ա՛լ աւելի հայ կը զգամ: Այնճարի լեռներուն ընդմէջէն է, որ Արարատը ազատագրելու տենչը կ՛ամրանայ մէջս: Այնճարի Հարաչին է, որ զիս կը յիշեցնէ, թէ Արաքս գետը մեզ կը սպասէ: Այնճարի տաուլ- զուռնան ու «Հէլէ հէլէ»ն են, որ կ՛ապացուցեն, թէ հայ ժողովուրդը, հակառակ նեղ պայմաններուն ու մթնոլորտին, չի յուսահատիր, իր քէֆը կ՛ընէ, կենացները կը խմէ եւ հպարտօրէն շուրջպարը կը պարէ:

Հաւանաբար միշտ ալ մնամ պէյրութցի «եապանճօ»ն, բայց հոգիս միշտ ալ պիտի մնայ «այնճարցի» եւ ոչ մէկը կրնայ զիս զրկել այդ զգացումէն: Երանելի կ՛ըլլար Այնճարի պապուկներուն ու մայրիկներուն օրհնութիւնը ստանալ այս կապակցութեամբ:

Կը խոստովանիմ, որ շատ անգամ կը նեղանայի, երբ Մուսա Լերան հերոսամարտի եւ Այնճարի հիմնադրութեան յոբելենական մարմինին անունով շնորհաւորէին աշխարհի բոլոր մուսալեռցի-այնճարցիները, որովհետեւ կը հաւատամ, որ պէտք չէ հերոսամարտը սահմանել մուսալեռցիներուն եւ այնճարցիներուն միայն:

Մուսա Լերան հերոսամարտը ողջ հայութեան յաղթանակն է:

Այնճարի հիմնադրութիւնը համայն հայութեան պարծանքն է:

Օ՜ն, ուրեմն… Օ՜ն, յառա՜ջ… Արարատէն ետք Մուսա Լերան վերատիրանալու ու տեսնելու այդ լուսաշող առաւօտը, ուր Մուսա Լերան յաղթական գագաթին վրայ կը շողայ հայկական եռագոյն դրօշը:

 

 

Նախորդը

ԽԱՂԱՐԿՈՒԹԻՒՆ` ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԲԵՄՈՒՄ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՈՒ ՋԵՐՄ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.