
Նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կայ քաղաքական ճշմարտութիւն մը, որուն լոյսին տակ կարելի է հաստատել, որ համաձայնութիւնը կրնայ վերջ տալ նախագահական աթոռի թափուր դրութեան:
«Անկախ անկէ, թէ ո՛վ է յաղթողը կամ ո՛վ է պարտուողը, պէտք է հաստատել, որ հայրենիքը մեծագոյն յաղթանակը արձանագրած է: Իրականութիւնը այն է, թէ երբ Պաապտայի նախագահական պալատին կը նայինք այսօր, կը տեսնենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական խորհրդակցութիւններ կը կատարէ` պետութեան աշխատանքներուն թափ տալու նպատակով», ըսաւ ան:
Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը արդիւնք էր համախոհական լուծումի մը` հաստատելով, որ նորընտիր նախագահը իր երդման ճառով հաստատեց, որ ունի հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն եւ կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն:
«Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի կողմէ առնուած` զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցելու քայլը բաւական յանդուգն քայլ մըն էր, որ ունէր իր դրդապատճառներն ու մեկնաբանութիւնները: Իսկ մօտիկ ապագային բոլորը պիտի բացայայտեն, թէ Հարիրիի նպատակն էր պահպանել Լիբանանը», ըսաւ Խուրի:


