Նախորդ շաբաթավերջին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկ ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած Լիբանանի տարիքային ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան 18 տարեկանէն վար դասակարգի զոյգ աղջկանց եւ տղոց մրցումները:
Բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք աւարտեցաւ աղջկանց աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին ախոյեան հանդիսացան Աննա եւ Նինա Մարգարեան քոյրերը (Շապապ Ֆաուար), որոնք 3-2 արդիւնքով (11-9, 10-12, 11-9, 6-11 եւ 16-14) յաղթեցին Մէյսա Պըսէյպես (Շապապ Ֆաուար) – Փաթրիսիա Հոմսի (Ժամհուր) զոյգին: Երրորդ դիրքը գրաւեցին Նենսի Մունջողլեան – Դալար Պոյաճեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) եւ Ֆլորիան եւ Ռոքսան Մըր (Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա) զոյգերը:
Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Հապիպ Անթուն – Ժոզեֆ Աժամի (Ժամհուր) զոյգը, որ յաղթեց Հիշամ Թաուիլ (Շապապ Ֆաուար) – Ահմետ Հարպ (Պարաղեմ Նապաթիէ) զոյգին: Երրորդ դիրքը գրաւեցին Միսաք Պոյաճեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) – Ռալֆ Հըմտար (Շանվիլ) եւ Յակոբ Ոսկերիչեան – Երուանդ Թիւթիւնճեան (Անդրանիկ Անթիլիաս) զոյգերը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ մետալներու բաշխում` տարիքային ախոյեանութեան տիտղոսակիրներուն եւ մետալակիրներուն:


