
News.am-Sport կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պեշիքթաշի միջնապահ Արազ Օզպիլիս նախորդ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ ուսի վիրաբուժութեան:
Թրքական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Օզպիլիս վիրաւորուեցաւ խումբին կատարած փորձերուն ընթացքին:
Կը յայտնուի, որ 26 տարեկան միջնապահը կարիքը ունի 2 ամսուան ժամանակամիջոցի մը` ապաքինելու համար:
Նշենք, որ այս տարի` յունուարին, Պեշիքթաշ Օզպիլիսի փոխանցման համար Սպարտակ Մոսկուային վճարեց 1,3 միլիոն եւրօ:


