Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՀԱՆԴԷՍԷՆ ԵՏՔ

October 4, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Սեպտեմբերի ընթացքին համայն հայութիւնը ապրեցաւ ուրախ օրեր: Անդրադարձանք, որ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հայկական պետական միաւորներ (մէկը միջազգային քաղաքական ընտանիքին կողմէ ճանչցուած, միւսը` ոչ), կը շարունակէին գոյութիւն ունենալ ամբողջ քսանամեակ մը` առանց ընդհատումի: Տեղի ունեցաւ հպարտութիւն առթող զինուորական տողանցք, Հայաստան-սփիւռք բազմամարդ խորհրդաժողովով տեղի ունեցաւ համահայկական ընդլայնուած հանդիպում, բազմաթիւ գաղութներու մէջ տեղի ունեցան յատուկ հանդիսութիւններ: Հնչեցին շնորհաւորութիւններ, գովասանքներ ու ինքնագովասանքներ, քննադատութիւններ եւ ինքնաքննադատութիւններ. մէկ խօսքով` տեղի ունեցաւ ամէն ինչ, որ տեղի կ՛ունենայ բոլոր ազգերու, ժողովուրդներու եւ պետութիւններու պարագային: Հայութիւնը բնականոն հաւաքականութիւն դառնալու վրայ է: Ասիկա՛ ալ ինքնին ուրախութիւն պատճառող  երեւոյթ է. բնականոնացող հաւաքական հոգեվիճակ, որուն համար  անկասկած պարտական ենք  հայկական անկախ պետութեան գոյութեան:

Այս բոլորէն դուրս ակնբախ էր նաեւ հետեւեալ երեւոյթը: Քննադատական երբեմն շատ սուր արտայայտութիւնները կը տեղային քննադատուողներու ներկայութեան, անոնց դիմաց եւ առանց անոնց անմիջական հակազդեցութիւններուն արժանանալու: Կարելի՞ էր այսպիսի կացութիւններ երեւակայել քսանամեակ մը առաջ: Ասիկա կարեւոր նուաճում է հայութեան մէջ հանդուրժողականութեան մթնոլորտ ստեղծելու տեսանկիւնէն: Իսկ դիմացինին կողմէ քննադատութիւններուն հանդէպ հանդուրժողական կեցուածքի որդեգրումը ժողովրդավարութեան մայրն է: Հետեւաբար մեր կացութիւնը այնքան ալ յուսահատական չէ, որքան ալ ներկան խիստ քննադատելի կողմեր ունենայ:

Ժողովրդավարութիւնը, անշուշտ, խնդիրներէն մէկն է միայն: Կայ տնտեսութիւնը, կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, ճարտարարուեստը, գիւղատնտեսութիւնը, քաղաքաշինութիւնը, աշխատանքային շուկան, պաշտպանութիւնը. ամփոփ`  ամբողջ պետական գործը, որ իր ներկայ արդիւնքով քաղաքացին կը մղէ դէպի արտագաղթ:

Մեր երկրի մերօրեայ հիմնական ցաւերը ամփոփուած են այս բառին մէջ. արտագաղթ: Արտագաղթ եւ ծննդաբերութիւններու թիւի անկում: Այսինքն` ժողովրդագրական թիւերու բացասական հոլովոյթ, որ կը սպառնայ պետութեան ապագայ գոյութեան: Ներկայ ընթացքի շարունակութեան պարագային հայութեան հակառակորդներուն ու թշնամիներուն համար համբերութիւնը բաւարար է, որպէսզի վերջաւորութեան անոնք յաղթական դուրս գան հայութեան դէմ իրենց մղած դարաւոր կռիւէն: Հետեւաբար արտագաղթի երեւոյթին վերացումը, ինչ որ կը նշանակէ Հայաստանի բոլոր տեսակի թերութիւններու վերացումը,  հրամայական է ապահովելու համար հայկական անզուգական օրրանի ապագայ գոյութիւնը:

Տօնական այս օրերուն առիթը ունեցանք բազմաթիւ անգամներ լսելու, թէ հայոց ներկայ պետութիւնը հայութեան բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերման հիմնական մեկնակէտն է: Ասիկա բացարձակ ճշմարտութիւն մըն է: Սակայն այստեղ պէտք չէ ակնկալել, որ հայոց պետութիւնը հայութեան իղձերու ամէնօրեայ հրապարակային արտայայտիչը ըլլայ: Ազգային հաւաքական իղձերը այս կամ այն ձեւով, լրիւ կամ պակասաւոր, արտայայտուած են մէկէ աւելի պաշտօնական թուղթերու մէջ. անկախութեան հռչակագիր, սահմանադրութիւն, ազգային անվտանգութեան հայեցակարգ: Պետութեան համար գոյութիւն ունին  սահմանափակումներ, ինչպէս ոչ պետական կառոյցներու առջեւ կան այլ տեսակի արգելքներ: Ինչ որ մէկը չի կրնար ընել, կրնայ ընել միւսը: Դերերու բաժանումը աշխատանքի ամէնէն առողջ դրութիւնն է: Կարեւոր է սակայն նախապէս հասնիլ ազգային հասարակաց նուազագոյն նպատակներու շուրջ համահայկական համաձայնութեան մը:

Այս տրամաբանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ հայութեան ուժերը պէտք է կեդրոնանան  կարեւոր ենթանպատակի մը վրայ. մեկնակէտի` այսինքն հայկական պետութեան հզօրացումին վրայ` կարելի բոլոր մարզերուն մէջ: Աշխատանքի եւ միջոցներու տրամադրութիւն` նպաստելու համար այդ հզօրացման: Հայաստանի մէջ յոռի երեւոյթներու քննադատութիւն` մեկնելով դրական կիրքէ. քննադատական կիրքին դրական ըլլալը բոլորին կողմէ յստակօրէն տեսանելի պէտք է ըլլայ. այլապէս` բան մը սրբագրելու նպատակով նոյնքան ու աւելի կարեւոր բան մը վտանգելը անիմաստ ժամավաճառութիւն է:


 

 

Նախորդը

ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒՔԱՍԸԶԵԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՊԱՐՏԱՑՈՒՑԻՉ, ԿՈԹՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.