
Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Գ. դասակարգին մաս կազմող Լոթթէ ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Պայեր Լեւերքուզընը` արձանագրելով 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը (փենալթիներով):
79-րդ վայրկեանին Լոթթէի մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ, մինչ մրցումը կ՛ընթանար 1-1 արդիւնքով, իսկ երկարաձգումէն ետք մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով:
Լոթթէի այլ մարզիկ մը Ա. կիսախաղի երկարաձգումին իր կարգին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Ա. հանգրուանին Լոթթէ մրցաշարքէն դուրս ձգած էր Վերտըր Պրեմընը:


