
Քաթալոնական Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար այս տարեշրջանին նախօրեակին շատ մօտ էր ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուելուն, կը յայտնէ «Լ՛Էքիփ»:
Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմի նախագահ Նասեր Խելայիֆի մեկնած էր Սան Փաուլօ` բանակցելու համար ֆութպոլիստին հօր եւ անոր գործակալին` Վակներ Ռիպէյրոյի հետ:
Սակայն Նէյմարի ներկայացուցիչները ներկայացուցած էին երկու պահանջներ, որոնց պատճառով փոխանցումը տեղի չէր ունեցած:
Նէյմար կը պահանջէր տարեկան 40 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, որուն ֆրանսական ակումբը համաձայն չէր:
Սակայն Նէյմարի չփոխանցուելուն գլխաւոր պատճառը այն էր, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն պէտք էր իր վրայ վերցնէր պրազիլական դատարանին տուգանքի վճարումը` 45 միլիոն եւրոյի շուրջ: Նէյմար տուգանքի ենթարկուած էր 2011-էն 2013 տուրքերէն խուսափած ըլլալուն պատճառով:
Նէյմար, որ այժմ մինչեւ 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է, տարեկան պիտի գանձէ 25 միլիոն եւրօ, իսկ անոր հրաժարագինը կը կազմէ 250 միլիոն եւրօ:


