
Ռէալ Մատրիտ կը շարունակէ դարձեալ մօտէն հետաքրքրուիլ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկով:
Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը կը գրէ, որ Պորուսիա Տորթմունտ կապոնցի իր յառաջապահին համար կը պահանջէ 80,5 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ այս ամառ Տորթմունտ մերժեց Մանչեսթըր Սիթիի առաջարկը, որով վերջինս պատրաստ էր անոր փոխանցման համար վճարելու 67,2 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ ցարդ «Պունտըսլիկա»-ի 7 մրցումի ընթացքին Օպամեյանկ նշանակած է 7 կոլ:


