
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք յայտարարութիւն մը հրապարակած են 23-25 հոկտեմբերին Ազրպէյճան, Արցախ եւ Հայաստան իրենց այցելութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ:
ԵԱՀԿ-ի գրասենեակէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ համանախագահները հանդիպած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն ու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, Հայաստանի նոր նշանակուած պաշտպանութեան նախարարին, ինչպէս նաեւ «Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ իշխանութիւններուն» հետ: Այցելութեան նպատակը ապրիլեան աննախադէպ բռնութիւններէն ետք ստեղծուած կացութեան քննարկումը եւ բանակցային հոլովոյթին մէջ դիրքերու յստակացումն էր:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը հաստատած են, որ կացութիւնը կը շարունակէ յարաբերաբար հանգիստ մնալ»: Համանախագահները ընդգծած են, որ զինադադարի դրութեան պահպանումը կ՛ապահովէ ընթացող բանակցութիւններուն անհրաժեշտ հիմքը, անոնք նաեւ նշած են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տրուած որոշումներուն լիակատար իրականացման կարեւորութիւնը:
«Համանախագահները նաեւ քննարկած են ներկայիս աշխատանքային առաջարկները` հասնելու առարկայական բանակցութիւններու, յանուն տեւական խաղաղութեան: Նախագահներէն իւրաքանչիւրը արտայայտած է իր տեսակէտները, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յառաջ մղել լուծման հոլովոյթը: Նախագահները նաեւ վերահաստատած են համաձայնութիւնը ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի ընդլայնման ուղղութեամբ, եւ գործնական մանրամասնութիւնները տակաւին կը շարունակուին քննարկուիլ:
«Համանախագահները կը ծրագրեն հանդիպիլ արտաքին գործոց նախարարներուն դեկտեմբեր 2016-ին Համպուրկի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի հանդիպումին ընթացքին` քննարկելու հաւանական ամէնէն մօտիկ ժամկէտներուն մէջ նախագահներու հաւանական հանդիպումը: Բարձրագոյն մակարդակով այդպիսի երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է լուծման հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու նպատակով:
«Շրջանային այցելութեան ընթացքին համանախագահները նաեւ հանդիպած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ` քննարկելու համար այն աշխատանքը, որ կազմակերպութիւնը կը կատարէ կորսուած անձերու մասին տեղեկութեան փոխանակման ուղղութեամբ, մարդասիրական քայլ, որուն նկատմամբ համանախագահները բոլոր մակարդակներու հանդիպումներուն ընթացքին յայտնած են իրենց լիակատար աջակցութիւնը»:


