Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց Յանձնախումբի Ժողովին

October 26, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

meeting_102516

19-22 հոկտեմբեր 2016-ին, Կիպրոսի Փարալիմնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ուղղափառ եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն (քաղկեդոնական ու ոչ քաղկեդոնական) եւ Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութեանց միջեւ համագործակցութեան աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի տարեկան ժողովը: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տիեզերական ու Ռուսիոյ պատրիարքութեանց, Յունաստանի, Կիպրոսի, հայ, ղպտի ու ասորի եկեղեցիներու եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց ներկայացուցիչները: Սոյն ժողովին հայ եկեղեցին ներկայացուցին Եզնիկ արք. Պետրոսեան (Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւն) եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն):

Վերոյիշեալ յանձնախումբին պարտականութիւնն է համակարգել ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութեանց միացեալ աշխատանքները` ծրագիրներ մշակել, ուղեցոյց պատրաստել եւ վերջնականապէս ձեւակերպել այն ուղեգիծը, որուն հիմամբ պիտի կատարուին հետագայ միատեղ բոլոր աշխատանքները:

Պատրաստուած ուղեգիծը հետեւեալ խորագիրը կը կրէ` «Հասկացողութիւն եւ համագործակցութիւն ընդմէջ ուղղափառ, ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական եւ Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութեանց», որուն համար աստուածաշնչական համար ընտրուած է. «Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան» (Մր. 13.31): Սոյն յուշագիրը անցնող տարիներուն բազմիցս վերաքննութեան եւ սրբագրութեան ենթարկուելէ ետք, այս ժողովի ընթացքին իր վերջնական ձեւը ստացաւ:

Մակար եպս. Աշգարեան ժողովականներուն փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը` անոնց կատարած կարեւոր աշխատանքին համար, եւ զանազան առիթներով խօսեցաւ կաթողիկոսարանին ճամբով կատարուող Աստուածաշունչի եւ այլ կրօնական ու հոգեւոր բնոյթ ունեցող գիրքերու թարգմանական եւ հրատարակչական աշխատանքներուն մասին:

Յառաջիկայ ժողովը որոշուեցաւ գումարել Պալամանտ, Լիբանան. անոր ընթացքին մանրամասնօրէն պիտի մշակուի 2018 թուականին տեղի ունենալիք ընդհանուր համաժողովին ծրագիրն ու յայտագիրը:

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Կառոյցներու Եւ Միութիւններու Ներկայացուցիչներու` Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.