
Աղբիւր մը իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ռեզա Հաքան Թեքինը:
Նախարարութեան մէջ Թուրքիոյ դեսպանին փոխանցած են իրանեան կողմի բողոքը` կապուած Անգարայի կողմէ Իրանի հասցէին կատարուող յայտարարութիւններուն:
Աղբիւրը այլ մանրամասնութիւններ չի հաղորդեր:


