
Գլխաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում-ժողով մը` անոր եւ տղոց Ա. դասակարգի ակումբներուն ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Տասը ակումբներէն բացակայեցան Սաժես եւ Պիպլոս:
Նախ եւ առաջ ներկաները շնորհաւորեցին Ռիատի Պէյրութը, որ Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան հանդիսացաւ երկրորդ` տիրանալով արծաթ մետալին:
Ապա անոնք շնորհաւորեցին Շանվիլի նոր նախագահ Էլի Հարֆուշը, որ ներկայ էր նիստին:
Քննարկելէ ետք լիբանանեան պասքեթպոլին վերաբերող հարցեր` ներկաները փափաք յայտնեցին, որ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016 – 2017 տարեշրջանը յետաձգուի 20-22 նոյեմբերի միջեւ, ինչպէս նաեւ ակումբներուն տրուի 48 ժամուան առիթ, որ եթէ ախոյեանութեան գծով նոր առաջարկներ ունին, փոխանցեն ֆետերասիոնին:
Խօսուեցաւ նաեւ մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելիք կայանին մասին:
Վերջապէս, ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին ֆետերասիոնի նախագահ Նասսարին, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին իր ամէն կարելին ըրաւ ի շահ լիբանանեան պասքեթպոլին:


