Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Ամփոփեց Կառավարութեան Ծրագիրը

October 21, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_102016

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 20 հոկտեմբերին խորհրդարանին մէջ, կառավարութեան ծրագիրի քննարկումէն առաջ, ներկայացուցած են ծրագիրին վերաբերեալ խմբակցութեան տեսակէտը:

Խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի համաձայն, իրենք Ազգային ժողովին մէջ չէ, որ պիտի ծանօթանան կառավարութեան ծրագիրին, այլ շուրջ տասը օրէ կ՛աշխատին ծրագիրին վրայ, քննարկումներ կատարուած են, կառավարութիւնը անընդհատ կը վերամշակէր նախնական տարբերակը, իրենք ալ զուգահեռաբար իրենց մօտեցումները կը ներկայացնէին:

«Երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցանք վարչապետին հետ եւ մանրամասնօրէն խօսեցանք ծրագիրին մասին: Ըստ մեզի, այս ծրագիրի կարեւորագոյն ուղերձը մեր երկրի այսօրուան իրավիճակի համարձակ եւ շիտակ ախտորոշումն է` առանց ինքնախաբէութեան, առանց ծածկելու այն վիճակը, որ այսօր կը տիրէ մեր երկրին մէջ` տարբեր առումներով: Բնականաբար, երբ ճիշդ ախտորոշում կը կատարես, անկէ կը բխին կարելի եղածին չափ ճշգրիտ ձեւակերպուելիք խնդիրները: Համարձակ ու յաւակնոտ ծրագիր է եւ իրավիճակին լրիւ համարժէք», ըսած է Ռուստամեան` աւելցնելով, թէ քննարկումներուն ընթացքին արձանագրած են, որ ծրագիրին մէջ առնուազն 90 տոկոսով ներառուած են այն հարցերը, որոնց մասին Դաշնակցութիւնը տարիներ շարունակ կը խօսէր, եւ որոնք տեղ գտած են ՀՅԴ-ՀՀԿ համագործակցութեան համաձայնագիրին մէջ:

«Մենք իսկապէս ծրագիրի դրոյթներուն մէջ կը տեսնենք կամք, վճռականութիւն, ներուժ` երկրին մէջ արդիւնաւէտ կառավարում ապահովելու, իրական որակական փոփոխութիւն իրականացնելու վճռականութիւն: Այս ծրագիրը` իր խնդիրներով, նպատակադրումներով, պիտի ունենայ Դաշնակցութեան ամբողջական աջակցութիւնը, եւ արդէն ընթացքին, ըստ կատարողականին, արդիւնքներուն, կու գայ նաեւ գնահատելու ժամանակը», յայտնած է Աղուան Վարդանեան:

Անոր համաձայն, Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէ հաւատալ, որ երկրին մէջ իսկապէս բան մը կը փոխուի, նոր արիւն կը մտնէ երկիր, պետութիւն-հասարակութիւն-քաղաքացի յարաբերութիւնները նոր հիման վրայ կը դրուին:

«Կը մնայ, որ բոլորս փորձենք ոչ թէ մէկ կողմ կանգնիլ, այլ մասնակից ըլլալ, աջակցիլ, վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել, որպէսզի իսկապէս մեր երկրին մէջ մեր փափաքած փոփոխութիւնները կատարուին», ըսած է ան:

Արմէն Ռուստամեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ ծրագիրը կը համապատասխանէ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին:

«Յստակ կ՛երեւի, որ խնդիրները ճիշդ արձանագրուած են, եւ մինչեւ հիմա երկրի զարգացումը խոչընդոտող խնդիրներու լուծման շատ նորարարական մօտեցումներ կան, մեթոտաբանական եւ ոճի տարբերութիւն կայ` նախորդ բոլոր ծրագիրներուն հետ բաղդատելով: Ոչինչ կը խանգարէր, որ այս պահէն իսկ սկսին փոփոխութիւնները: Այն մօտեցումը, զոր մենք զգացած ենք վարչապետին մօտ, իսկապէս մեզ կ՛ոգեւորէ: Ասոնք պարզ խօսքեր չեն միայն», դիտել տուած է Ռուստամեան:

Պատգամաւորը մանրամասնած է, որ ծրագիրին մէջ ներառուած դրոյթները կ՛առաջնորդեն հոն, ուր պիտի վերցուին բոլոր այն օղակները, որոնք նպատակին չեն ծառայած: «Կոչուած են ատոր համար, բայց ոչ մէկ արդիւնք տուած են: Ժողովրդային լեզուով ըսենք, որ կատուն կը պահէին, որ մուկ բռնէ, եթէ կատուն մուկ չի բռներ, այդ կատուն պէտք չէ պահել: Կային այդպիսի բազմաթիւ կատուներ, որոնք համակարգին մէջ տարբեր օղակներով ամրապնդուած էին, անտաբեր կերպով կ՛անցնէին մէկ կառավարութենէն միւս կառավարութիւն, բայց իրենց նպատակներուն չէին ծառայեր: Շատ յստակ քաղաքական կամք կայ` ասկէ ձերբազատելու, ատիկա մեզի համար իսկապէս ողջունելի է: Ատիկա պիտի առաջնորդէ ծախսերու նուազեցման եւ համակարգի արդիւնաւէտութեան, եւ աւելի պարզ կը դառնայ հասարակութեան համար` ո՛վ ինչով զբաղած է: Գլխաւոր հարցը, զոր մենք կը տեսնենք, կառավարութեան ճիւղերու տարանջատումն է, որովհետեւ բազմիցս ըսած ենք, որ կայ շփոթ: Նոյն պատասխանատուութիւնը կը կրեն տարբեր ճիւղեր: Կառավարութեան անդամներուն լիազօրութիւնները պէտք է յստակեցուին, ատիկա կարեւոր հաստատում է», ընդգծած է Ռուստամեան` աւելցնելով, որ միւս տարբերութիւնը տեղական ինքնակառավարման համակարգի բարեփոխումներուն առնչուած է:

Խօսելով կառավարութեան ծրագիրին մէջ ամրագրուած փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերող դրոյթին մասին` Ռուստամեան ըսած է, որ ատիկա կարեւորագոյն դրոյթ է: «Մեզի համար գլխաւոր ուղղութիւն եղած է համակարգուած դարձնել պայքարը` օրէնսդրօրէն ամրագրելով: Նաեւ նոր գաղափարներ կային` ապօրինի հարստացում, շահերու բախում, պետական գնումներու կառոյցին մէջ առկայ խնդիրներ: Բաւական յստակ արձանագրուած են այն քայլերը, որոնք պէտք է կատարուին այդ ուղղութեամբ: Ծրագիրին մէջ առկայ են այն ռազմավարական խնդիրները, որոնք մենք նախապէս ունեցած ենք համաձայնագիրով», նշած է ան:

Արձագանգելով այն դիտարկումին, թէ նախկին ծրագիրներն ալ վատ չեն եղած, նուազ թիրախաւորուած չեն եղած խնդիրները, եւ թերեւս վստահութիւնը Կարէն Կարապետեանի անձին կը վերաբերի, Ռուստամեան ըսած է. «Կան յստակ ձեւակերպումներ, որոնք նախորդ ծրագիրներուն մէջ չկային, բայց գլխաւորը անձերն են: Մենք կը զգանք, որ կայ նաեւ քաղաքական կամք` այդ բոլորը իրականացնելու: Վարչապետը շատ լաւ կը հասկնայ, որ իրավիճակը ծանր է, իրմէ ակնկալիքները մեծ են, եւ ան առաջադրած է այդ ակնկալիքները, որոնք մեզի համար շատ գնահատելի են: Անգամ մը եւս հիասթափեցնելը ոչ մէկուն շահերէն կը բխի, մանաւանդ որ ալ տեղ չկայ հիասթափեցնելու»:

Աղուան Վարդանեան իր կարգին աւելցուցած է, որ այս ծրագիրը բնորոշող ամէնէն ճշգրիտ բառը գործնականութիւնն է: «Անիկա շատ գործնական եւ յստակ ծրագիր է: Ասիկա մեր երկրի վիճակին ճշգրիտ ախտորոշումն է եւ անոնցմէ բխող ճիշդ հարցեր ձեւակերպելն է», ըսած է ան:

Աղուան Վարդանեան նշած է, որ երկիրը հասած է այն սահմանին, որ պէտք է առարկայական, իրական պատկերը պարզուի, հարցերը ճշդուին եւ լուծումներ տրուին: «Այս կառավարութեան ծրագիրը մենք կը գնահատենք ինքնին այդ տեսանկիւնէն», շեշտած է Վարդանեան:

Ռուստամեանի խօսքով ալ, կառավարման համակարգը պէտք է դառնայ լաւագոյնը, որպէսզի սողանցքները քիչ ըլլան, բոլորը իրենց գործը կատարեն անշեղօրէն եւ ատոր իբրեւ արդիւնք փտածութեան վտանգները նուազին:

Նախորդը

Էրտողան. «Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Խրիմը, Ղարաբաղը, Ազրպէյճանը, Պոսնիան Եւ Այլ Եղբայրական Շրջաններ Մեր Հետաքրքրութիւններու Շրջագիծին Մէջ Են»

Յաջորդը

Վարչապետ Կարապետեան Ներկայացուց Կառավարութեան Ծրագիրը` Յայտարարելով. «Բարեփոխումները Պէտք Է Սկսինք Նոյնինքն Կառավարութենէն»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.