
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան 18 հոկտեմբերին այցելեց Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը:
Կողմերը քննարկեցին կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան աշխուժացման վերաբերող քայլերը` շեշտը դնելով ստորագրուած համաձայնագիրներու գործադրութեան առնչութեամբ գործնական քայլերու դիմելու անհրաժեշտութեան վրայ: Այդ պարունակին մէջ կողմերը համաձայնեցան պարբերական հանդիպումներ եւ նպատակային քննարկումներ կատարել` երկու երկիրներուն միջեւ կրթական մարզին մէջ եղած համագործակցութիւնը խթանելու նպատակով:
Անոնք անդրադարձան երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ լիբանանահայ գաղութին աշխուժ ու կառուցողական դերակատարութեան, որ ակնյայտ է երկրին բոլոր մարզերուն մէջ: Նախարարը վերյիշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստան կատարած այցելութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի ներքին քաղաքական զարգացումներուն:


