
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, ներկայութեամբ` նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, որ մաղթեց, թէ լիբանանեան քաղաքական հիմնական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն մը գոյանայ նախագահական ընտրութեան առումով:
Զասիփքին յայտնեց, որ շրջանին դիմագրաւած տագնապալի իրավիճակին պարագային, հանրապետութեան նախագահը պէտք է ընտրուի զուտ լիբանանեան որոշումով, առանց արտաքին միջամտութիւններու:
Ան հաստատեց, որ Մոսկուա իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ նախագահական ընտրութիւնը յաջողեցնելու նպատակով Հարիրիի նախաձեռնութեան:
Հարիրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին:
Երեկոյեան Հարիրի ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով Հարիրի հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան այդ անարգ ոճիրին պատասխանատուները հալածելու իրենց խոստումին:
Ան շեշտեց, որ Ուիսամ Հասան եղած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դպրոցի ներկայացուցիչ հերոս մը, որ Լիբանանը եւ լիբանանցիները պաշտպանելու համար ամէն զոհողութեան պատրաստ եղած է, որքան ալ սուղ եղած են այդ զոհողութիւնները:


