
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ «Էնֆիշտ»-ի իր դաշտին վրայ Լիվըրփուլ հիւրընկալեց Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Թէեւ Լիվըրփուլ ունեցաւ բաւական յստակ գերակայութիւն մը իր հիւրին վրայ (65 տոկոսով), սակայն չյաջողեցաւ ցնցել անոր բերդին ուռկանը:
Լիվըրփուլ կիրարկեց 4-3-3 խաղաոճ մը, մինչ Մանչեսթըր 4-2-3-1:
Նշենք, որ Մանչեսթըրէն կը բացակայէր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Մանչեսթըր այժմ 14 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը, մինչ Լիվըրփուլ 17 կէտով` 4-րդ դիրքը:


