Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրատարակուեցաւ Վահան Թէքէեանի «Կեսարիա»-ն

October 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

tekeyan_gesaria_101816

Պոլսոյ «Ժամանակ»-ի 100-ամեակի մատենաշարը ընթերցողներու սեղանին կը դնէ իր հերթական հրատարակութիւնը: Միսաք Գօչունեանի, Երուխանի ու Ռուբէն Զարդարեանի գիրքերուն կու գայ միանալ Վահան Թէքէեանի (1878-1945) «Կեսարիա. երթուդարձի եւ բնակութեան օրագիր մը» հատորը (175 էջ): Ծանօթագրութիւններով ու յատուկ անուններու ցանկով օժտեալ հատորին մաս կազմած են նաեւ Թէքէեանի այսպէս կոչուած կեսարիական գործերը` պատանեկան շրջանին գրի առած «Կաղանդը Կեսարիոյ մէջ»-ը եւ «Ս. Կարապետ Կեսարիոյ» ու «Գիշերուան աղօթքը» քերթուածները: Հատորը կազմած ու խմբագրած են սփիւռքահայ անուանի գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանն ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանը: «Հրաշագործ Ս. Կարապետ» խորագրեալ յառաջաբանին հեղինակը նոյնպէս Գրիգոր Պըլտեանն է: Կողքը պատրաստած է արուեստագէտ Արէտ Կըճըր:

Վահան Թէքէեան «օրագիր» կամ «ուղեւորական նոթեր» կոչած է դէպի Կեսարիա իր այս ուղեգրութիւնը, որ տեւած է հինգ ամիս` 2 սեպտեմբեր 1913-էն մինչեւ 30 յունուար 1914: Թէքէեան իր հայրենի բնակավայրը մեկնած էր որպէս տեղւոյն Ս. Կարապետ վանքին տնօրէնը: Իր պաշտօնն ու կեցութիւնը կ՛աւարտին անսպասելի կերպով, երբ բանաստեղծը Ազգային ժողովի ներկայացուցիչ կը նշանակուի Երուսաղէմի վանքին, ուր կը մեկնի միջոց մը Պոլիս մնալէ ետք, մարտ-ապրիլ 1914-ին:

Թէքէեան իր ուղեգրութիւնը կամ օրագիրը «Ժողովուրդի ձայնը-Ժամանակ»-ին մէջ հրատարակած է եօթը տարի ետք` 28 մայիսէն 12 յուլիս 1921: Հեղինակը յատկանշական ձօն մը կցած է իր այս հրապարակումին` «ի յիշատակ» աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ խնամակալներուն, որոնք «մեծ աղէտին անհետացան»` մերթ տողատակերուն անձամբ ծանօթագրելով նաեւ այն անունները, որոնք նահատակուած էին այդ սեւ թուականին:

Զարմանալիօրէն Թէքէեանի այս կարեւոր արտադրանքը ցարդ մնացած է մամուլի էջերուն թաղուած, հետեւաբար` մոռցուած եւ առանձին ոչ մէկ հրատարակութեան արժանացած:

Թէքէեան 1933-ին, երբ վաղուց արդէն Պոլիսը լքած էր, կարծէք կը մտադրէ զայն հատորով մը տպել: Այդ է, որ կը խոստանայ «Սէր» գիրքին մէջ, երբ տպագրելի գործերու ցանկին մէջ զայն կը յիշատակէ «Կեսարիա (ուղեւորական նոթեր)» խորագիրով: Յայտնի է, որ չէ մոռցած ուղեգրութիւնը:

Ուղեգրութեան մոռացման շրջանը կը սկսի 1945-ին, բանաստեղծի մահէն ետք: 1950-ին «ամբողջական երկերու» անաւարտ շարքին լոյս տեսած վեց հատորներուն մաս չի կազմեր նորէն. հաւանաբար ամփոփուէր տասներորդ հատորին մէջ, սակայն այս անգամ ալ խմբագիրին` Արշամ Տատրեանին մահը (1956) կը խափանէ ծրագիրը:

Գրութիւնը շատ անգամ չի յիշուիր Թէքէեանի  գործերուն «կանոնական ցանկին» վրայ, ուր կը պատահի, որ սպրդին երբեմն վէպ ու պատմուածքներ, երգիծական ոտանաւորներ, նոյնիսկ` յօդուածներ: Արշակ Ալպոյաճեան այն քիչերէն է, որ կը նշէ անոր գոյութիւնը. իր «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ» հսկայածաւալ հատորին մէջ, երբ կը խօսի Թէքէեանի կենսագրութեան մասին, կու տայ նաեւ անոր բնաբանը:

Ուրեմն բանաստեղծին այս միակ ուղեւորական օրագիրը ցարդ կը մնար անծանօթ, նաեւ` անմատչելի: «Ժամանակ»-ի 100-ամեակի մատենաշարը լաւագոյն վայրն էր, ուր կարելի էր տպուած տեսնել Թէքէեանի այս գործը, որ վստահաբար ոչ միայն պիտի գայ ամբողջացնելու մեծ գրագէտին կենսագրութիւնն ու երկերը, նաեւ նոր դիտանկիւն մը պիտի աւելցնէ ներկայ սերունդներուն հայրենիքի, Եղեռնի, ժամանակի մանկավարժական մօտեցումներուն վերաբերեալ ունեցած պատկերացումներուն մէջ:

Վահան Թէքէեան ծնած է Պոլիս, 1878-ին, բնիկ կեսարացի ծնողքէ: Ուսումը ստացած է Պէրպէրեան ու Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: Համիտեան բռնատիրութեան տարիներուն կ՛անցնի Եւրոպա ու Եգիպտոս: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուր աւելի ամբողջական ձեւով կը նուիրուի հրապարակագրութեան` աշխատակցելով նաեւ «Ժամանակ» օրաթերթին: 1915-ին արտասահման է: Հրադադարին զինք դարձեալ կը գտնենք Պոլիս, ուր վերստին լծուած էր հրապարակագրական, կուսակցական ու մանկավարժական աշխատանքի: Միջոց մը որպէս խմբագիր կը պաշտօնավարէ «Ժողովուրդի ձայնը-Ժամանակ»-ին մէջ: Քեմալականներու Պոլիս մուտքէն ետք կը լքէ ծննդավայրը ու կ՛անցնի արտասահման` Պուլկարիա, Յունաստան, Կիպրոս, հուսկ հաստատուելու համար Եգիպտոս, ուր եւ կը կնքէ իր մահկանացուն, 1945-ին:

Հրատարակած է «Հոգեր» (Փարիզ, 1901), «Հրաշալի յարութիւն» (Պոլիս, 1914), «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս» (Փարիզ, 1918), «Սէր» (Փարիզ, 1933), «Հայերգութիւն» (Գահիրէ, 1943), «Տաղարան» (Գահիրէ, 1944) ժողովածուները: Յետմահու եւս իրմէ տպագրուած են արձակ ու չափածոյ գործեր, թէեւ կիսաւարտ` պատրաստուած է ամբողջական երկերու քանի մը հատորներ, հատընտիրներ: Վահան Թէքէեան հայ գրականութեան լայն ժողովրդականութիւն վայելող հեղինակներէն մէկն է:

 

Նախորդը

Յուշատետր Սէրը Որքա՞ն Կը Տեւէ (Ա.)

Յաջորդը

Հարցազրոյց` «Խաչատուրեան Թրիօ»-ին Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.