Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հերիկ. Հրաշքով Փրկուած Ու Զարգացած Գիւղը

October 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

herik_101816

Բերձորէն 45 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հերիկ գիւղի աշակերտները արդէն նորակառոյց դպրոց կը յաճախեն:

«Հայրենասէր» կազմակերպութեան ջանքերով կառուցուած դպրոցը նպաստած է գիւղին մէջ նոր ընտանիքներու վերաբնակեցման որոշում տալուն: «Արմէնփրես» ներկայացուցած արցախաբնակ Թամարա Գրիգորեանի յօդուածը` գիւղի անցուդարձին մասին: Ստորեւ` յօդուածը:

Գիւղին մասին

Հերիկ գիւղը Մոշաթաղ եւ Բերդիկ գիւղերուն հետ կը մտնէ Մոշաթաղծ համայնքին մէջ: Հերիկը կը գտնուի Քաշաթաղի շրջանային կեդրոն Բերձորէն 45 քմ հեռաւորութեան վրայ, դէպի հիւսիս-արեւելք: Գիւղը ազատագրուած է արցախեան պատերազմին ընթացքին, 1991-92 թուականներուն: Այդ տարիներուն գիւղը ունեցած է 30 տնտեսութիւն: Վերաբնակուելէն ետք, տակաւին քանի մը տարի գիւղը ելեկտրականութիւն չէ ունեցած, Հերիկ գիւղի փոքրիկները դպրոց չեն ունեցած:

Անգամ մը պարպուած եւ վերստին բնակեցուած Հերիկը

herik_old_101816

Ելեկտրականութեան, դպրոցի բացակայութեան պատճառով Հերիկը 1999-2000 թուականներուն սկսած է պարպուիլ: Կը թուէր, որ գիւղին կործանումը անխուսափելի է: Սակայն գիւղին վիճակուած էր ապրիլ եւ վերածնիլ: Գիւղին մէջ միայնակ մնացած Բակունց եղբայրներուն երկու ընտանիքները պահպանած եւ հսկած են ամբողջ գիւղին, չեն թոյլատրած, որ տուները քանդուին: Եւ այդ տուները պէտք էր օր մը ծառայէին նոր վերաբնակիչներուն:

2009-2010 թուականներուն Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավարութեան յատուկ որոշումով Հերիկ սկսած է կրկին վերաբնակեցուիլ: Այստեղ տեղափոխուած են քանի մը ընտանիքներ, գիւղը ապահովուած է ելեկտրականութեամբ:

«Հայրենասէր»-ի կողմէ կառուցուած դպրոցը` գիւղի զարգացման գրաւական

 

Որոշ տարրական պայմաններով ապահովուելէ ետք, սակայն, գիւղին մէջ առաջնահերթ կը մնար դպրոցի հարցը: Հերիկ գիւղի փոքրիկները իրենց դասերուն կը հետեւէին կիսախարխուլ եւ խոնաւ տան մը մէջ: Ծնողները ամէն օր կը մտածէին իրենց զաւակները օր առաջ այդ դպրոցէն, հետեւաբար նաեւ` գիւղէն հեռացնելու մասին: Շատ ընտանիքներ կը խուսափէին վերաբնակիլ Հերիկի մէջ` հաշուի առնելով յատկապէս դպրոցին անմխիթար վիճակը:

Համայնքապետ Սիրակ Սողոմոնեանի խօսքով, շատերը թերահաւատօրէն կը նայէին այն շէնքի աւերակին, որ կը նախատեսուէր վերակառուցել իբրեւ նոր եւ ժամանակակից դպրոց: Շատերը չէին հաւատար ծրագիրի գործադրութեան կարելի ըլլալուն: Սակայն այդ ծրագիրի հաւատացին «Հայրենասէր» կազմակերպութիւնն ու վերջինս նուիրատուները: Քանի մը ամսուան ընթացքին կարելի եղաւ աւերակը վերածել յարմարաւէտ ու մաքուր դպրոցի: Այսօր արդէն նոր ընտանիքներ կու գան գիւղ` հաշուի առնելով դպրոցին ներկայ վիճակը: «1 սեպտեմբերին ընտանիք մը հաստատուեցաւ մեր գիւղը` հաշուի առնելով այն, որ մեր գիւղին մէջ արդէն ժամանակակից ու բարեկարգ դպրոց կայ», տեղեկացուց Սիրակ Սողոմոնեան:

Հերիկի մէջ կառուցուած դպրոցը այսօր դարձած է գիւղին գոյութեան, զարգացման եւ կայացման գրաւականը:

Հերիկը` այսօր

nor-dproc_101816

Հերիկի մէջ այսօր 12 տնտեսութիւն կայ: Գիւղը այսօր լիայոյս է ապագային նկատմամբ: Ծնողները, տեսնելով իրենց զաւակներուն համար կառուցուած դպրոցը, այլեւս չեն մտածեր զայն որեւէ տեղ տեղափոխելու մասին: Զաւակն ալ այսօր մեծ ուրախութեամբ կ՛երթայ մաքուր եւ բարեկարգ, տակաւին նախորդ տարի միայն երազանք թուեցող դպրոց:

Գիւղին բնակիչները, ենթակառոյցներու առկայութեան պարագային, պատրաստ են ապրելու եւ աշխատելու Հերիկի մէջ: Գիւղին դիրքը կ՛արտօնէ մեծ ծաւալով ցորեն, գարի մշակել, ինչով որ յատկապէս գիւղացիները կը զբաղին:

Այսօր նաեւ բարեկարգուած են գիւղին ճամբաները: Համայնքապետը կ՛ըսէ, որ ճամբաներու բարեկարգման ընթացքին յայտնաբերուած են քանի մը խաչքարեր, որոնք տեղափոխուած են գիւղին մէջ գոյութիւն ունեցող միջնադարեան եկեղեցւոյ բակ:

Հերիկը ազատագրուած  է հայ ազատամարտիկի կեանքի գնով, հայրենիքի այս հողակտորը սրբագործուած է հայ զինուորին արիւնով: Հերիկցիները ասիկա շատ լաւ կը գիտակցին: Ճիշդ այդ պատճառով ալ ապրիլեան պատերազմի առաջին օրերուն անոնք առաջիններէն էին, որ մոռնալով տուն ու աշխատանք` կամաւոր շտապեցին սահման: «Վստահաբար առաջին մեկնողներէն էինք, միայն Հերիկէն 6-7, իսկ մեր ամբողջ համայնքէն մօտ 45 հոգի մեկնեցանք առաջին գիծ եւ աշխուժօրէն մասնակցեցանք հայրենիքի պաշտպանութեան: Մեկնեցանք, քանի որ մենք շատ լաւ կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ այստեղ կ՛ապրինք», հպարտօրէն կ՛ըսէ համայնքապետ Սիրակ Սողոմոնեան:

Անոր ձայնին մէջ վստահութիւն եւ ուրախութիւն կը զգացուէր. համայնքապետը իսկապէս ուրախ է կառուցուած դպրոցին համար, ուրախ է, որ Հերիկ գիւղը այսուհետեւ պիտի ապրի լիարժէք կեանքով, ուրախ է, որ իր համայնքէն ոչ թէ մարդիկ պիտի հեռանան ու հեռացնեն իրենց զաւակները, այլ պիտի ձգտին իրենց զաւակները բերել այստեղ` մաքուր եւ յարմարաւէտ դպրոց յաճախելու:

Հերիկը արժանի է լաւագոյն ապագայի եւ պիտի ունենայ զայն:

«Հայրենասէր» կազմակերպութիւն

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Նախորդը

«Պահենք Երեխաները Ընտանիքին Մէջ» Ծրագիրին Շնորհիւ Ընտանիք Մը Եւս Կայուն Եկամուտ Ապահովելու Հնարաւորութիւն Ունեցաւ

Յաջորդը

Աղէտի Գօտիին Մէջ 653 Ընտանիքներ Բնակարանային Պայմաններու Բարելաւման Կը Սպասեն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.