Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պահենք Երեխաները Ընտանիքին Մէջ» Ծրագիրին Շնորհիւ Ընտանիք Մը Եւս Կայուն Եկամուտ Ապահովելու Հնարաւորութիւն Ունեցաւ

October 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ucom_101816

«Եու քոմ» հաստատութեան եւ «Ուորլտ վիժըն»-ի Հայաստանի մասնաճիւղի միացեալ ջանքերով կազմակերպուած «Պահենք երեխաները ընտանիքին մէջ» բարեգործական նախագիծին շնորհիւ` «Եու քոմ»-ի բաժանորդները անցեալ ամիս եւս աջակցեցան մէկ ընտանիքի` կայուն եկամուտի աղբիւր ստեղծելու գործին մէջ: Այս անգամ աջակցութիւնը տրամադրուեցաւ Արագածոտնի մարզի գիւղական համայնքներէն մէկուն մէջ բնակող երկու զաւակներու տէր` Սերոբի եւ Ծաղիկի ընտանիքին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ընտանիքը տեղափոխուած է համայնք, մէկ տարի առաջ: Ընտանիքի մօր առողջական խնդիրները լուծելու նպատակով անոնք ստիպուած` վաճառած են իրենց բնակարանը, իսկ մնացեալ գումարով` գիւղէն տուն գնած: Զաւակներէն Քնարիկը դպրոց կը յաճախէ, իսկ երկու տարեկան Գայեանէն տունն է` սիրող ու հոգատար ծնողներու եւ մեծ մօր ուշադրութեան տակ: Այս ընտանիքը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատ վիճակի մէջ: Տան մէջ չկայ որեւէ առողջապահական յարմարութիւն, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունի ջեռուցման խնդիր:

Այս ընտանիքին չափահաս անդամները չունին հիմնական աշխատանք, իսկ անոնց եկամուտի միակ աղբիւրը Սերոբի եւ Գայեանէ մեծ մօր եղանակային աշխատանքն է` հովիւութիւնը եւ մօր` Ծաղիկի հիւանդութեան թոշակը: Համայնքին մէջ չկան աշխատատեղեր, եւ այս պատճառով կը բարդանայ կայուն եկամուտի ապահովումի հարցը:

«Պահենք երեխաները ընտանիքին մէջ» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, հաշուի առնելով անասնապահութեան դերը ընտանիքի հասարակական-տնտեսական վիճակի բարելաւման գործին մէջ, Սերոբին տրամադրուած է կով, հաւ եւ անասնակեր` անասնապահական աշխատանքները սկսելու, սնունդի եւ վառելիքի հարցը որոշակի չափով լուծելու, ինչպէս նաեւ եկամուտ ապահովելու համար:

Ընտանիքին ծնողները վստահ են, որ այժմ արդէն կրնան ապահովել իրենց ընտանիքին առաջնահերթ կարիքները եւ երեխաները պահել տան մէջ` ծնողական հոգատարութեան տակ:

«Մենք շնորհակալ ենք «Եու քոմ»-ի բաժանորդներուն` այս ծրագիրի կազմակերպման ուղղուած իւրաքանչիւր դրամի համար: «Եու քոմ» հաստատութիւնը, ինչպէս միշտ, կը կրկնապատկէ անոնց իւրաքանչիւր ներդրումը եւ ջանքեր կը գործադրէ, որ ծրագիրը շարունակական բնոյթ կրէ, եւ երեխաները մեծնան ծնողական սիրով ու ջերմութեամբ շրջապատուած», ըսած է «Եու քոմ» հաստատութեան տնօրէն Աշոտ Բարսեղեան:

«Ուորլտ վիժըն»-ը բազմամեայ փորձ ունի խոցելի եւ անապահով ընտանիքներուն հետ աշխատանքի մարզին մէջ եւ իր փորձագէտներուն եւ ընկերային ծառայողներուն ջանքերով կը կազմակերպէ մասնագիտական աշխատանքներ` ընտանիքներու հետ մշակելով անհատական զարգացման նախագիծեր: Այս աշխատանքներուն առանցքային նպատակն է բարելաւել իւրաքանչիւր ընտանիքի ընկերային-տնտեսական վիճակը, որուն շնորհիւ ալ ծնողները կը շարունակեն երեխաները պահել ընտանիքի մէջ», ըսած է «Ուորլտ վիժըն»-ի Հայաստանի մասնաճիւղի ծրագիրներու տնօրէն Ժիրայր Էդիլեանը:

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Նախորդը

Ամերիկեան Ընտրազանգուածը Եւ «Lady»-ին Ու «Trump»-ը

Յաջորդը

Հերիկ. Հրաշքով Փրկուած Ու Զարգացած Գիւղը

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.