Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ` Ի ՅԻՇԱՏԱԿ «ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԽՏԱՒՈՐ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՎԵՐ. ՌՈՊԵՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԸ

October 3, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 2 հոկտեմբերին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ իր ընտանիքի անդամներուն` Զապէլ, Լէյլա եւ Հաուըրտ Գարակէօզեաններու:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Արամ Ա. կաթողիկոսի, հաստատութեան վարչութեան ու պաշտօնէութեան եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան նախկին տնօրէն վեր. Ռոպեր Սարգիսեան, որ հրաւիրեց հաստատութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Ռոբովթ Չորպաճեանը, որպէսզի ուղղէ վարչութեան խօսքը:

Տոքթ. Չորպաճեան նկատել տուաւ, որ հաստատութիւնը 90 տարի հաւատարիմ եւ յարատեւ ծառայութիւն մատուցած է` աւելցնելով, որ «Գարակէօզեան»ը առանձին չմնաց իր մարզին մէջ, այլ անոր օրինակը խթան հանդիսացաւ ընկերային ծառայութիւն մատուցող այլ կառոյցներու ծնունդին, ինչպէս` «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը: Ան հաստատեց, որ վեր. Ռոպեր Սարգիսեան 40 տարի շարունակ ապացուցեց, որ ամբողջական նուիրումը եւ մանուկներու առողջութեան ու զարգացման նպաստելը անփոխարինելի տեսլական է: Ան մաղթեց, որ հաստատութեան նոր տնօրէն Սերոբ Օհանեան նոյն թափով շարունակէ գործը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Ժիրայր Դանիէլեան, որ հաստատեց, թէ վեր. Ռոպեր Սարգիսեան եղած է պատասխանատուութեան գիտակցութեան տէր, պատասխանատուութիւն կրելու պատրաստ, նուիրումով լեցուն անձ մը, որ բարձր գիտակցութեամբ առաջնորդած է «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը` իր ունեցած վարչական բացառիկ կարողութիւններով: Ան նկատել տուաւ, որ վեր. Սարգիսեան գտած էր միջոցները վարժարաններու տնօրէններուն հետ սեղմ համագործակցութիւն ստեղծելու եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան բարիքները տարածելու բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն վրայ:

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն Սեդա Փամպուքեան խօսք առնելով շնորհաւորեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը եւ Լիբանանի մէջ հաստատութեան գոյութեան 70-ամեակը: Ան հաստատեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը եւ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը միշտ իրարու հետ կը գործակցին` աւելցնելով, որ երկու միութիւններուն միասին դրած լումաները կը հաշուեն 1,5 միլիոն տոլար, որ լիբանանեան գաղութին համար մեծ օգուտ ունի:

Հանդիպումի եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան հաստատեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը եղաւ ծառայութեան հոմանիշ: «Արդեօք կեանքին մէջ կա՞յ աւելի գեղեցիկ, վեհ, նուիրեալ եւ սրբազան արժէք, քան ծառայութիւնը», հարց տուաւ վեհափառը` աւելցնելով, որ ծառայութիւնը կը կազմէ մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ կեանքին էութիւնը: Ան, որ կը ծառայէ, արժանի է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի: Ան բարձր գնահատեց վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի ունեցած 40-ամեայ ծառայութիւնը ընկերային, մարդասիրական, կրթական, ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ` առանց որեւէ դասակարգային, գաղափարական կամ դաւանական խտրութեան:

«Լիբանան, Սուրիա եւ մեզ շրջապատող բոլոր գաղութները կարեւոր տեղ կը գրաւեն մեր ժողովուրդին համար, հայապահպանման համար», շեշտեց վեհափառը` յոյս յայտնելով, որ արեւմտեան գաղութներուն մէջ հաստատուած հայ ժողովուրդի զաւակները եւ կազմակերպութիւնները այս գիտակցութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ մօտենան մեր գաղութներուն եւ հոն գործող բոլոր կառոյցներուն հաւասարապէս:

Իր խօսքի աւարտին վեհափառը իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց վեր. Ռոպեր Սարգիսեանը` 40 տարիներ շարունակ ազգային կեանքին հայ մարդու գիտակցութեամբ ծառայելուն համար: Ապա կարդացուեցաւ այս առնչութեամբ հայրապետական կոնդակը:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ վեր. Սարգիսեան, որ իր կարգին «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով պատրաստուած յուշանուէրը յանձնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:

 

 

Նախորդը

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.