
Անգլիական «Տը Սան» պարբերաթերթը հրապարակեց 7 ֆութպոլիստներու անուններ, որոնք շատ հաւանաբար իրենց մասնակցութիւնը չբերեն այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ «Փրեմիեր լիկ»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումին:
Անոնց կարգին է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան: Եունայթըտին մաս կազմող 27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ապաքինումի ընթացքին մէջ է, պիտի չմասնակցի 17 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք մրցումին, որպէսզի անոր առողջութիւնը չվտանգուի, յայտնեցին Եունայթըտի բժիշկները:


