Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Նուռի Այգիներ՝ Ազատագրուած Հողերու Վրայ

October 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Արցախ այցելողներէն շատ քիչեր տեսած են Առաջամուղ գիւղը: Անիկա զբօսաշրջիկներուն համար ծանօթ վայր մը չէ, տեսարժան յուշարձաններ չունի, հեռու է Ստեփանակերտէն եւ կը գտնուի Հադրութ վարչական շրջանի ամէնէն հարաւը, Հադրութէն մօտ 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Առաջամուղ գիւղը ազատագրուած տարածքներուն վրայ կառուցուելու սկսաւ 2004 թուականին, «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի եւ ԼՂՀ իշխանութիւններուն համատեղ ջանքերով, հետագային նաեւ` Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ ֆոնտ»-ին մասնակցութեամբ: Արցախի ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնելու ծրագիրներուն մէջ Առաջամուղը յատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ անիկա նախկին թրքաբնակ գիւղի մը վերականգնումով չէ՛ ստեղծուած, այլ հիմնովին նոր կառուցուած է եւ Արցախի հարաւը գտնուելով` բաւական մօտիկ է թէ՛ Իրանին, թէ՛ հայ-ազրպէյճանական այսպէս կոչուած շփման գիծին:

Առաջամուղի բնակիչներուն մէկ մասը զինուորականներու ընտանիքներ են, կան նաեւ շրջակայ գիւղերէն եկածներ եւ Ազրպէյճանէն գաղթական հայեր: Ներկայիս գիւղը ունի 18 տուն` աւելի քան 100 բնակիչներով, իսկ Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ ֆոնտ»-ի ֆինանսաւորումով 6 նոր տուներ շուտով պիտի յանձնուին Առաջամուղ տեղափոխուելու պատրաստ ընտանիքներու: Ըստ ծրագրին, յառաջիկայ տարիներուն գիւղի տուներուն թիւը պիտի հասնի 50-ի:

Առաջամուղի հիմնադրութեան օրերուն գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը գիւղի բնակչութեան տնտեսական կեանքի կազմակերպումն էր: Ճիշդ է, որ դպրոցի եւ գիւղապետարանի պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ զինուորականներու ընտանիքները պետական աշխատողներ ըլլալով` աշխատավարձը կը ստանան ԼՂՀ կառավարութենէն, անդին, սակայն, միւս ընտանիքներուն եւ գիւղի զարգացման համար անհրաժեշտ էր տնտեսական այլ հնարաւորութիւններ, որպէսզի անոնք կարենային իրենց կեանքը կազմակերպել` աշխատանքով եւ եկամուտի ապահովումով: Այս գաղափարը կեանքի կոչելու նպատակով Անգլիայէն հայ գործարար եւ հանրային գործիչ Ֆրետ Հայրապետեան, որ նաեւ «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ է, որոշեց նուռի այգիներ տնկել Առաջամուղի յարակից տարածքի մը վրայ, որպէսզի գիւղի բնակիչներուն համար աշխատանք ստեղծուի եւ նուռի արտադրութենէն եկած եկամուտով նոր ներդրումներ կատարուին շրջանին մէջ:

Վերջերս, երբ Ֆրետին հետ Առաջամուղ կ՛այցելէինք, ան պատմեց, որ առաջին ընտանիքները երբ որ գիւղ տեղափոխուեցան, տնտեսութեան զարգացման բազմաթիւ ծրագիրներ ուսումնասիրուեցան, եւ նուռի այգիի հիմնումը ամէնէն իրապաշտը համարուեցաւ` նկատի ունենալով շրջանի կլիմայական պայմանները եւ շուկային մէջ նուռի պահանջարկը:

– Ազատագրուած տարածքներու վերականգնումը միայն բնակարանաշինութիւնով չի վերջանար: Առաջամուղի բնակարաններու կառուցումէն ետք,  գիտէինք, որ տնտեսական զարգացման համար ներդրումներ պէտք է կատարէինք: Ի վերջոյ, հողը պէտք է ծաղկեցնել, որպէսզի կեանքն ալ հետը ծաղկի: Նուռի այգին որոշեցինք տնկել տարածքի մը մէջ, որ շատերու կողմէ նոյնիսկ լսուած չէր, իսկ ուրիշներու կողմէ «Ազրպէյճանի վերադարձուելիք հող» կը համարուէր: Բայց մենք ետեւ նայողը չէինք: Որոշեցինք եւ անցանք աշխատանքի:

Դժուար գործի անցած էր Ֆրետ: Դիւրին չէր անապատի վերածուած ամայի տարածքը բնակեցնելէն ետք այգիներ աճեցնելու գործին նետուիլը: Այս մասին, սակայն, յաջորդ նամակով:

 

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

Նախորդը

Հանրի Շալհուպի Անուան Պասքեթպոլի 2-րդ Մրցաշարք. Ցարդ Մասնակցող Խումբերուն Թիւը` 9

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.