Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՈՒՊԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

October 1, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարելի՞ց, թէ՞…

Կա՞ս, չկաս, բայց կաս…

Այո՛, կաս, տակաւին երէկ էր, որ մեզի հետ էիր, կը խրախուսէիր, թէ օրեր կան վարդագոյն են, իսկ օրեր ալ պիտի գան վատթարագոյն, անգործութիւն, թշուառութիւն, քանի որ քաղաքականութիւնը անկայուն է, տնտեսութիւնը հիմնուած է սուտի վրայ, խախուտ ժայռի, շարժուն աւազի կը նմանի. եթէ քայլդ ճիշդ տեղը չկոխես, անպայման պիտի ընկղմիս:

Տեսլականդ իրաւացի էր, մինչեւ վերջ շարժուն վերիվայրումներ կան, բայց խորհուրդներդ տակաւին մեր ականջին մէջն են, տոկալու համար այս բոլորին` ըլլալ աչալուրջ, անկեղծ, բարի, ճշմարտախօս, եւ գործիդ մէջ մաքուր, ճշդապահ, հայրենասէր եւ օգտակար դարձող շրջապատիդ` կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Այս է հիմնականը, էականը, ըլլալու համար առաքինի մարդ` թէ՛ գործով, թէ՛ մտքով: Տարի մը անցաւ արդէն, որ հեռացած  ես մեր շրջապատէն, միջավայրէն, սակայն միշտ ու միշտ խօսքդ կայ, քու մասիդ խօսող կայ, տակաւին կան մարդիկ, որոնք անակնկալի կու գան, երբ գիտնան, թէ բաժնուած ես մարմնով եւ` հեռացած: Անոնք ջատագովը կ՛ըլլան այն բարի գործերուդ, գիրքերու մեկենասութեանդ, առատ նուիրատուութիւններուդ բոլոր այն անձերուն, միութիւններուն, հայրենիքիդ ու շատ-շատ կառոյցներուն. եւ օրէ օր ի յայտ կու գայ, որ անոնք կը կարծեն, թէ տակաւին հոս ես, թերեւս ճամբորդած ես բարենորոգելու եթերային աշխարհը: Արդեօք պիտի գա՞ն մարդիկ շարունակելու քու ուղիդ, զոր սերմանած ես բարի, բարեխիղճ սրտիդ նման, որ քաջալեր կը հանդիսանար ամէն չարիքէ բարիք ստեղծելու:

Սերմնացանը վկայ, անպայման որ քու ապրած դժբախտութենէդ, աղքատութենէդ, տանջանքներով լեցուն ճանապարհդ, զոր հարթեցիր ու մաքրեցիր, բարեփոխուած ու նախանձ արթնցնող տնտեսական վիճակ ունենալով, օրինակ պիտի դառնան շատերու, թէ անշո՛ւշտ կարելի է ոչինչով մէջտեղ գալ ու դիմանալ խոչընդոտներու` ըլլալով անկեղծ ամէն ինչի մէջ:

Այո՛, այսօր ալ կաս ու կը մնաս մեր մէջ իբրեւ առաքինի Նուպար Վարդանեանը, զուարթ դէմքով, գեղեցիկ կերպարանքով ու բարի սրտով:

Հողը թեթեւ գայ վրադ ու Աստուած ողորմի հոգուդ:

Գ. Ն.

Նախորդը

ՄԵԼԻՆԷ ՄԵԼՔԻՍԷԹԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

ՀԵՌԱՆԱԼՈՎ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԻՑ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.