
Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականներու միջնապահ Հայկ Գալստեան, որ նախապէս վիրաւոր էր, նախորդ շաբաթավերջին, իր առաջին մրցումը կատարեց գերմանական Պոխումի 19 տարեկանէն վար կազմին հետ:
Գալստեան, որ 18 տարեկան է, Օպերհաուզընի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտ ներկայացաւ 70-րդ վայրկեանին:
Ան դաշտ ներկայանալէ 16 վայրկեան ետք նշանակեց մրցումին վերջին կոլը, եւ անոր կազմը տարաւ վերջնական յաղթանակը` 5-1 արդիւնքով:


