
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսեթի փոխնախագահ Թալի Փլոսքով յայտարարած է, որ ինք միշտ եղած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակիցը:
«Ես ուժերուս սահմաններուն մէջ պիտի շարունակեմ Քնեսեթին մէջ բարձրացնել այս հարցը: Ես կ՛ուզեմ նշել, որ Քնեսեթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակիցներուն թիւը պարբերաբար կ՛աճի: Մեծագոյն ձեռքբերումը այս հարցին մէջ կրթութեան յանձնախումբին կողմէ պաշտօնապէս այդ փաստը ճանչնալն էր: Այո՛, ասիկա Իսրայէլի պաշտօնական դիրքորոշումը չէ, սակայն ասիկա արդէն յառաջխաղացք մըն է այս հարցին մէջ, եւ իմ կարծիքովս` շատ նշանակալից», ընդգծեց Քնեսեթի փոխնախագահը:
Ան նշեց, որ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի պատմութեան, ցեղասպանութեան մասին քիչերը գիտեն, եւ այդ բացը գոցելու համար պէտք է զգալի աշխատանք տանիլ:
«Մենք պէտք է միասին աշխատինք, որովհետեւ այն երկիրները, որոնք շահագրգռուած չեն ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի այդ մասին մարդիկ չգիտնան: Եկէ՛ք աշխարհին ըսենք, թէ ի՛նչ պատահած է 1915 թուականին: Եկէ՛ք ճշմարտութիւնը ըսենք», ըսաւ Թալի Փլոսքով:


