Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ. ԿՐՕՆԱԿԱՆ, ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐ (ՀԱՅԵՐԷՆ ՇԱՐՔ. Զ. ՀԱՏՈՐ)

September 30, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2009-ին Քանատայի մէջ լոյս տեսաւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի երկերուն հայերէն շարքին Զ. հատորը` խմբագրութեամբ Վազգէն Ղուկասեանի եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեաններու:

Սոյն հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 420 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ գործերը. «Հող, մարդ եւ գիր», «Հայ մարդը հայ գիրքին դիմաց», «Հրաշք Տաթեւի Թափօր լերան լանջերուն» եւ «Խոր Վիրապ` «Խորհուրդ խորին»…»:

Սոյն հատորը համադրոյթն է ազգային ու եկեղեցական բնոյթ կրող այն բազմաթիւ յօդուածներուն, զորս Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը ստորագրած է սփիւռքահայ կարգ մը թերթերու մէջ: Յիշեալ յօդուածները վեհափառը գրած է զգացական որոշ պայմաններու տակ, դէպի հայրենի աշխարհն ու սփիւռքի այլազան ոստանները իր կատարած այցելութիւններէն ետք: Այս յղացքով, ազգասիրական զգացումներով բաբախուն եւ հայ եկեղեցւոյ պատմական անցեալով յատկանշուած էջեր են իր գրութիւնները, որոնց առանցքը կը կազմեն հայրենական հողն ու հայոց դարաւոր մշակոյթը, որոնց հանդէպ Գարեգին Ա. կը յայտնաբերէ յարատեւ սէր եւ ակնածանք: Այս իւրայատկութեամբ, իր գրութիւնները հոգեմտաւոր ինչ բնոյթ որ ալ ունենան, կը հանդիսանան անկորնչելի վկայութիւնները` գրական մնայուն ժառանգութեան:

Հոգեկան ապրումներով շարայարուած յուշագրական գեղեցիկ իրագործում մըն է սոյն ծաւալուն հատորը, ուր Գարեգին Ա. կը նկարագրէ այն բազմաթիւ այցելութիւնները, զորս կատարած է` Նոր Զելանտա, Արաքս գետի ափերուն, Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի վանքը եւ աշխարհասփիւռ այլ շրջաններ:

Յատկանշական իմաստ մը կը պարզէ այն գրութիւնը, ուր վեհափառը կ՛ըսէ, թէ 1970-ին, միջեկեղեցական ժողովի մը մասնակցելէ ետք, Լոնտոնէն Պէյրութ վերադարձին, օդանաւին մէջ, անգլիական պարբերաթերթի մը մէջ կը կարդայ հայոց հինաւուրց վանքերուն վերաբերող տխուր յօդուած մը` «Հայաստանի անհետացող եկեղեցիները» խորագրի տակ: Անդիմադրելի յուզում մը կը յառաջանայ իր սրտին մէջ, երբ անգլիացի յօդուածագիրը` Ռոպըրթ Հիլընպրենտ  սոյն յօդուածով կ՛անդրադառնայ այն ցաւալի իրողութեան, թէ ժամանակի աւերիչ ներգործութեամբ, քանդուած են հայկական երբեմնի շքեղակերտ յուշարձաններ ու վերապրած են Վարագայ, Ս. Բարթողիմէոսի եւ Էջմիածնի վանքերը միայն: Իրենց մահաշուք ճակատագրին ձգուած յիշեալ աւերակ եկեղեցիները, կ՛ըսէ Գարեգին Ա., խոր վիշտ կը պատճառեն իրեն:

«Քարե՜ր, աղօթաձա՜յն քարեր» խորագրեալ գրութեամբ, Գարեգին Ա. կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս 1970-ի յուլիսի 11-ին Ատրպատականի թեմական իշխանութեան հրաւէրով Սուրբ Թադէի վանքը կ՛երթայ պատարագելու, քարոզելու եւ ոգեկոչելու յիշատակը Սուրբ Թադէոս առաքեալին, որ նահատակուեցաւ հայրենի բնաշխարհի Արտազ նահանգի մէջ: Վեհափառը ոգեշունչ ապրումով մը կը կենդանագրէ այն պահը, երբ հաւաքական ոգեւորութեան մը մէջ, ո՛չ միայն հայ ուխտաւոր հաւատացեալները, այլ նաեւ Հայաստանի քարերն անգամ մասնակից կը դառնան կիրակմուտքի սրբախորհուրդ ժամերգութեան եւ սուրբ պատարագի խորհուրդին:

Գարեգին Ա. վեհափառի Զ. հատորին «Հող, մարդ եւ գիր» խորագրեալ բաժինը արձանագրութիւնն է երկրագունդի դէպի հեռաւոր եւ օտար ոստանները իր կատարած ուխտագնացութիւններուն:

Այս յարակցութեամբ, յիշատակելի են 1972-ին, Իրանա-Հնդկաստանի թեմի իր առաջնորդութեան շրջանին, Նոր Ջուղայի վանքին մէջ իր արտասանած գնահատական խօսքերը` հայկական արժէքաւոր հնութիւններու յատկացուած նոր թանգարանի բացման առիթով:

Գարեգին Ա. անդրշիրիմեան մտածումներ կ՛արտայայտէ «Գերեզմաններու խորհուրդը…» խորագրեալ գրութեամբ, զոր գրի կ՛առնէ 1971-ին, պարսկական Չհարմահալի գաւառը իր տուած այցելութեան առիթով: Սոյն յուշագրական գործով կը թուէ անունները իր այցելած գերեզմաններուն, ուր դարերու ընթացքին թաղուած են տարաբնակ հայեր, ինչպէս` Վաստիգանի գերեզմանատունը, Մատրասի հայոց եկեղեցիին բակը, ուր կը գտնուի շիրիմը հայ լրագրութեան ռահվիրայ քահանային` Յարութիւն Շմաւոնեանին, Ս. Թադէի վանքին շիրիմները եւ այլ շիրմատուներ: Վերծանելով խորհուրդը իր այցելած գերեզմաններուն` Գարեգին Ա. կ՛ըսէ. «Եւ ես այսօր, այստեղ, գերեզմաններու այս «Սօսեաց անտառ»ին մէջ, երբ կը լսեմ սրսփիւնը այս հայ հոգիներուն, մտքիս հորիզոնը կը լայննայ անծայրածիր տարածութեամբ, ու կը տարուիմ պատկերելու հայ ժողովուրդի մեռելներու սփիւռքը, համատարած ցանքը հայ շիրմաքարերուն: Կա՞յ արդեօք աշխարհի մէջ մէկ գերեզմանատուն, որ հայ բնակիչ մը չունենայ: Ես տեսեր եմ հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ հայկական գերեզմանատուներ, անհամար տապանաքարերով»:

Զ. հատորին մաս կը կազմեն գրութիւններ, ուր Գարեգին Ա. յատուկ վերլուծումներով եւ արժանաւորութեամբ կը պանծացնէ յիշատակը Գարեգին Ա. Յովսէփեանց եւ Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետներուն, մեծանուն մտաւորական Շահան Պէրպէրեանի եւ հայ դպրութեան անմահ վկաներուն, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին հայ եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին:

Գարեգին Ա. 1977 թուի յունիսի 30-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կատարեց բացումը Հայ գիրքի ցուցահանդէսին «Հայ մարդը` հայ գիրքին դիմաց» նշանաբանով: Սոյն պաշտօնական բացումէն ետք, ամէն հոկտեմբեր ամսուն, տասներկու տարի յաջորդաբար (բացի 1978-էն), տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի ցուցահանդէսը մայրավանքի շրջափակին մէջ, ուր վեհափառը, իւրաքանչիւր ցուցահանդէսին, բնութագրեց հայ գիրքը` պատիւն հայուն, պարտքը հայուն, տագնապը հայուն եւ այլ իւրայատուկ նշանաբաններով:

Հատորը կը փակուի Տաթեւի վանքը եւ Խոր Վիրապ իր տուած այցելութիւններով, որոնցմէ իր քաղած տպաւորութիւնները կը յուշագրէ վեհափառը «հոգեկան հայեցողութեան մէջ վերակենդանացած պահեր» ընծայելով ընթերցողներուն:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ապրիլ 2011
Պէյրութ

Նախորդը

«ԴՈՒՔ ԱԼ ՄԵԶ ՆՄԱՆ ԷՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄՆԱ՛Ք ՀԱՅ»

Յաջորդը

ՀԻՒՐԱԽԱՂԵՐԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ. ՀԱՅՐԵՆԻ ՆՈՒԱԳԱՎԱՐԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԻ ՊԷՅՐՈՒԹ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.