Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսականներ Ալիեւին Ուղղուած Իրենց Նամակին Մէջ. «Ազրպէյճանի Մէջ Սահմանադրական Հանրաքուէն Օրինականութեան Ճգնաժամ Կը Ստեղծէ»

September 19, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

congress_91816

Ազրպէյճանական «Քոնթաքթ.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հելսինքեան յանձնախումբի նախագահ, հանրապետական Քրիս Սմիթ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած իր նամակին մէջ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Ազրպէյճանի մէջ 26 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք սահմանադրական հանրաքուէին առնչութեամբ:

Ըստ անոր, առաջարկուող փոփոխութիւնները կրնան տապալել միջազգային պարտաւորութիւնները, զորս Ազրպէյճան ստանձնած է ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ:

Ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան թղթակիցը Ուաշինկթընէն կը յայտնէ, որ Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններուն անունով Ալիեւին ուղղուած նամակը, որ կ՛առաջարկէ վերատեսութեան ենթարկել հանրաքուէ կատարելն ու վերահաստատել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ յանձնառութիւնը, նաեւ ստորագրած են հանրապետական քոնկրեսականներ Ճօ Փիթսընն ու Էտըմ Շիֆը:

«Նախագահական (նստաշրջանի) ժամկէտի երկարաձգումն ու նախագահի լիազօրութիւններու ընդլայնումը կրնան յանգեցնել քաղաքական իշխանութեան չարաշահման», կը գրեն քոնկրեսականները:

«Մենք առաւելապէս մտահոգուած  ենք ուղղումներով, որոնք կը սահմանափակեն հիմնարար իրաւունքները», կը նշեն անոնք:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը արդէն արժանացած է միջազգային քննադատութեան` լրագրողներու, գործիչներու, ընդդիմադիր գործիչներու եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու նկատմամբ բռնաճնշումներու համար: Հանրաքուէն աւելի պիտի սահմանափակէ հիմնարար ազատութիւնները` խօսքի ազատութեան սահմանափակման ճամբով:

«Յառաջիկայ հանրաքուէն օրինականութեան լրջագոյն ճգնաժամ կը ստեղծէ», կ՛ըսուի նամակին մէջ:

«Ո՛չ միջազգային ընտանիքը, ո՛չ երկրի բնակչութիւնը կրնան ձեռք բերել քուէարկութեան նկատմամբ վստահութիւն, որ կ՛իրականացուի առանց տեղեկութիւններու ազատ հասանելիութեան, բաց քննարկումներու եւ թափանցիկութեան», կ՛աւելցնեն անոնք:

Սահմանադրական փոփոխութիւններուն համաձայն, Ազրպէյճանի նախագահի կառավարման ժամկէտը պէտք է երկարաձգուի 5-էն 7 տարի, ինչպէս նաեւ այդ փոփոխութիւնները իրաւունք պիտի տան նախագահին ինքնագլուխ ընտրելու երկրին փոխնախագահներն ու լուծարելու խորհրդարանը:

Նախորդը

Ռուսիոյ Մէջ Ընտրութիւններ

Յաջորդը

«Եփրատի Վահան»-ը Պիտի Աւարտի Միայն Թուրքիոյ Անվտանգութեան Լիակատար Ապահովումէն Ետք» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխվարչապետը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.