Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ԲՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅՂՈՒԹԻՒՆ, ՎԻԺՈՒՄ ԵՒ ԾՆՆԴԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

September 29, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին  մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Բնական եւ արուեստական յղութիւն, վիժում եւ ծննդաբերութիւն» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան մասնագէտ տոքթ. Վիգէն Նանեճեան:

Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացուց 13 դասախօսութիւնները եւ անոնց նիւթերը: Յիշեալ դասախօսութիւններու շարքին գլխաւոր վերնագիրն է «Սեռային առողջապահութիւնը իրաւունքն է բոլորին»: Մկրեան կարեւորութեամբ շեշտեց սեռային դաստիարակութիւնը կանուխ տարիքէն սկսիլը:

Ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը եւ դասախօսութեան նիւթը` Յ. Մկրեան հրաւիրեց բժիշկը ներկայացնելու շահեկան դասախօսութիւնը:

Տոքթ. Վիգէն Նանեճեան իր դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով բնական ծննդաբերութիւնը, որ կը կազմէ 95 առ հարիւրը ընդհանուր թիւին, եւ մնացեալը ոչ բնական, այսինքն` կայսերական գործողութեան ճամբով (Սեզարիեն) :

Դասախօսը սահիկներու ու նկարներու ճամբով բացատրեց, թէ ինչպէ՞ս բնական  ծննդաբերութեան ընթացքին նորածինին գլուխը դէպի վար դուրս կու գայ մօր արգանդէն, եւ հակառակ պարագային ծննդաբերութիւնը կը ստեղծէ տարբեր բարդութիւններ, ուստի կայսերական գործողութեամբ ծննդաբերութիւնը կ՛ըլլայ ամէնէն ապահով միջոցը` մօր ու նորածինին համար:

Տարբեր պատճառներ, որոնք կայսերական գործողութեամբ ծննդաբերութեան կարելիութիւնը կը ստեղծեն, կրնան ըլլալ.- Նորածինի գլխուն չափը` տրամագիծը, մօր արգանդին ոչ բաւարար բացուիլը ( բնականը` 10 սմ) եւ ծննդաբերութեան ընթացքին սահմանափակ ժամանակահատուածը: Դժուար ծննդաբերութեան ընթացքին բժիշկը կրնայ օգտագործել տարբեր օժանդակ միջոցներ, գործիքներ, ինչպիսին են` forceps-ը, դգալի նման` տարբեր ձեւերով:

Ին՞չ է կայսերական գործողութեամբ ծննդաբերութիւնը (Սեզարիեն):

Տոքթ. Նանեճեան նշեց, որ 15-50 առ հարիւր ծննդաբերութիւններու պարագային կարելիութիւն կայ կայսերական գործողութեամբ ծննդաբերելու: Համեմատութեան այս լայն տարբերութիւնը կախեալ է զանազան ազդակներէ, տարբեր երկիրներ տարբեր ժամանակահատուածներ նկատի կ՛ունենան, դայեակի գոյութիւնը եւ երկար ժամանակ սպասելը մինչեւ ծննդաբերութիւն: Յաճախ բժիշկներ խուսափելով վտանգներէ եւ հետեւանքներէ, կը դիմեն կայսերական գործողութեան: Օրինակ, երբ նորածինին թթուածինը աստիճանաբար կը նուազի, բժիշկը շուտով կը դիմէ  գործողութեան:

«Վիժումը եւ անոր պատճառները» բաժինով տոքթ. Վիգէն Նանեճեան բացատրեց, թէ վիժումը կը պատահի, երբ արգանդին մէջ ի յայտ կու գան polyp-ներ եւ  cyst-եր:

Վիժումի պատճառներուն շարքին կարելի է դասել արգանդի վզիկին բորբոքումը` տարբեր մանրէներու պատճառով, արեան հետ առնչուած տարբեր բարդութիւններ, որոնք կապ ունին արեան շրջագայութեան հետ:

Յաջորդ բաժինով բժիշկը ներկայացուց, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բեղմնաւորումը կատարել մարմինին մէջ կամ դուրս, եւ ապա շարունակել յղութեան ընթացքը:

Ան ներկայացուց երկու տարբեր միջոցներ, առաջինը` ընտրելով սերմի լաւագոյնները զետեղել արգանդի ներքին բաժինին մէջ, եւ երբ ձուիկը ներկայանայ, բեղմնաւորում տեղի կ՛ունենայ: Երկրորդ միջոցը կ՛ըլլայ կնոջ մարմինէն դուրս բեղնաւորումը, որ կը կոչուի In vitro Fertilization (IVF), յատուկ դեղորայքով աշխուժացնելէ ետք ձուարաններու աշխատանքը: Արդիւնքը կ՛ըլլայ ձուիկներու արտադրութիւնը: Առնելով ձուիկը եւ քանի մը (2-3 հատ) սերմերու հետ մարմինէն դուրս բեղմնաւորելով զանոնք` կրկին կը վերադարձնեն զանոնք կնոջ արգանդին մէջ` շարունակելու յղութիւնը:

Այս վերջին միջոցը կարելի է օգտագործել քիչ մը մեծ տարիքով կիներու մօտ:

Վերջին բաժինով դասախօսը մանրամասնօրէն խօսեցաւ արգանդի վզիկի քաղցկեղին եւ զայն կանխարգիլելու միջոցներուն մասին: Այս տեսակի քաղցկեղին պատճառը փափիլոմա ժահրն է, որ կը փոխանցուի սեռային յարաբերութեան ճամբով:

Երկու միջոցներով կարելի է կանխարգիլել արգանդի վզիկի քաղցկեղը.

1.- Տարին մէկ անգամ անպայման կատարել ապակեայ քննութիւն ՓաՓ սմիր բժիշկի օժանդակութեամբ ու հետեւողութեամբ:

2.- Արգանդի վզիկի քաղցկեղը կարելի է կանխարգիլել նաեւ պատուաստի միջոցով, որ 85-90 առ հարիւր կ՛ապահովէ վարակումէ: Վերոյիշեալ պատուաստը կարելի է ստանալ 10-55 տարեկանի ժամանակաշրջանին:

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Վիգէն Նանեճեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` տալով համապատասխան բացատրութիւններ ու թելադրանքներ:

 

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՋՈՒՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՔԱՐԻՒՂԻ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

Յաջորդը

ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒՔԱՍԸԶԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԶԵԿՈՒՑԱԲԵՐ` «ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.