
Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած ֆութպոլի մրցումը, որ կ՛իյնայ 2017-ի Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, աւարտեցաւ երկու կազմերուն միջեւ զանգուածային բախումով մը:
Այս մրցումին Կիպրոս իր դաշտէն դուրս 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ մրցումին 21-րդ վայրկեանին Ֆանոս Քաթելարիս նշանակեց Կիպրոսի եւ մրցումին միակ կոլը:
Չկարենալով, ընդունիլ իրենց կազմին կրած այս պարտութիւնը` թուրքերը հարցեր ստեղծեցին, պատճառաբանելով, որ հիւր կազմը` Կիպրոս, իր յաղթանակը տօնած է ազգային խռովութիւն հրահրող ոճով:


