
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վալերի Ալեքսանեան, որ այս ամառ միացաւ իրանեան Սանաթ Նավթ խումբին, յաջողեցաւ շուտով կազմին մէջ իր դիրքը ապահովել իբրեւ հիմնական մարզիկ:
Սակայն զարմանալիօրէն, Անտորրայի եւ Սլովաքիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք (Եւրօ-2012), ան կորսնցուց իր դիրքը իր ակումբին մէջ:
Անդրադառնալով այդ հարցին` Ալեքսանեան ըսաւ, որ «այդ երկու մրցումներէն վերադարձիս այլ մարզիկ մը, որ ստանձնած էր իմ պաշտօնս, պատճառ դարձաւ, որ ըլլամ պահեստի մարզիկ»:
Ան բաւական խօսելէ ետք իր ակումբին մասին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին` ըսելով. «Յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին պիտի կատարենք Եւրօ-2012-ի մրցաշարքի զտումի մեր նախավերջին մրցումը` Մակեդոնիոյ դէմ: Ան որ կը կարծէ, որ այդ մրցումը դիւրին պիտի ըլլայ, կը սխալի, որովհետեւ մեր մրցակիցը ուժեղ խումբ մըն է: Իմ կարծիքովս, այս մրցումը պիտի ըլլայ աւելի դժուար, քան Սլովաքիայինը: Նոյնիսկ զօրաւոր նկատուող Ռուսիա բաւական մեծ դժուարութեամբ յաղթանակ արձանագրեց Մակեդոնիոյ դէմ»:


