Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՐՔԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆՑ

September 28, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական «Թաքվիմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ նոր խորհրդարանի մը կազմութենէն ետք նախկին խորհրդարանին կողմէ չվաւերացուած օրինագիծերը անվաւեր նկատող թրքական օրէնքին հիմամբ, չեղեալ յայտարարուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները վերադարձուցած է խորհրդարան: Այս քայլը առաջին պտուղն է չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած Օպամա-Էրտողան հանդիպումին, որուն ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկուած էր նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման հոլովոյթը:

Թրքական օրաթերթը Անգարայի այս ձեւական եւ հաւանաբար Օպամայի պահանջով եղած քայլը կը ներկայացնէ իբրեւ Երեւանի նկատմամբ «բարի կամքի ցուցաբերում» մը, երբ խորքին մէջ անիկա Թուրքիոյ վերջին հակաիսրայէլեան կեցուածքները Ուաշինկթընին հաճելի եղող քայլերով հակակշռելու մարտավարութեան մը ծիրին մէջ կ՛իյնայ: Թուրքիա վերջերս իր հակաիսրայէլեան նորագոյն կեցուածքները նախապատրաստեց ամերիկեան հակահրթիռային վահանէն տարրերու իր տարածքին մէջ տեղակայումը թոյլատրելով: Առանց այդ թոյլտուութեան Միացեալ Նահանգներ դժուար թէ այսքան համբերատարութեամբ ընդունէին Թուրքիոյ կողմէ Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպանին վտարումը, Իսրայէլի հետ զինուորական համաձայնութեանց սառեցումն ու իսրայէլեան ծովուժին շարժումներուն ազատութիւնը զսպելու համար արեւելեան Միջերկրականի մէջ իր ծովուժին ներկայութեան ամրապնդման մասին թրքական յայտարարութիւնը:

Թրքական իշխանութիւնները լաւ կը գիտակցին, որ եթէ Ուաշինկթըն ստիպուի իր երկու դաշնակիցներուն` Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ընտրանք մը կատարել` անկասկած վերջինս պիտի ընտրէ, մանաւանդ որ ամերիկեան վարչակազմը նախագահական ընտրութեան մը շեմին կը գտնուի եւ դժուար թէ այդ ընտրութեանց յաջողութեամբ պսակման համար կարեւոր ազդակ մը եղող հրէական լոպին զայրացնող քայլերու դիմէ: Ուստի Անգարա Ուաշինկթընի կարգ մը փափաքներուն ընդառաջելով` կը ջանայ զայն հեռու պահել այդպիսի ընտրանք մը կատարելու հարկադրանքի պահէն:

Արձանագրութիւնները խորհրդարան վերադարձնելու քայլը ձեւական է, որովհետեւ այդ քայլը անոնց վաւերացումը չ՛երաշխաւորեր: Աւելի՛ն, արձանագրութիւններուն վաւերացման համար թրքական իշխանութեանց ղարաբաղեան նախապայմանը կը յամենայ, ուրեմն ոչինչ կ՛արգիլէ, որ Թուրքիոյ մէջ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք եւս նոյն դիպաշարը կրկնուի: Կը մնայ տեսնել, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները մինչեւ ե՛րբ պիտի դիտեն փինկ-փոնկի թրքական այս անիմաստ խաղը: Անոնք այս ձանձրացուցիչ եւ միակողմանի փինկ-փոնկի մրցումին յաջորդ սեթի՞ն պիտի սպասեն, թէ՞ իրենց ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն վերցնելով` թրքական ժամանցին աւարտը պիտի յայտարարեն:

 

Նախորդը

ՆՇՄԱՐ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ

Յաջորդը

ԸՍՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.