Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՇՄԱՐ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ

September 28, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Վերանկախացման քսանամեայ տարեդարձի շքեղ տօնակատարութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասան Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ հայկական բանակի յաղթական ու հպարտ տողանցքով, որուն ստուերոտ բաժինը կազմեցին ռուսական միաւորի մասնակցութիւնը, անոր դէմ փորձուած, այլեւ ձախողած փոքրաթիւ մարդոց ցոյցը, ինչպէս նաեւ… նախորդ երկու նախագահներուն բացակայութիւնը:

Մտածումի եւ քննարկման խնդիր է, թէ ինչո՛ւ մեր զինակից Ռուսիան, անկախութեամբ յատկանշուող երկիրներու միջեւ կայացած ռազմավարական գործընկերներու համահաւասարութեան սկզբունքը փափկանկատօրէն յարգելու փոխարէն, նախընտրեց ոչ ոքի գաղտնիք հովանաւորչական գերակայ իր հանգամանքը  բացայայտ  դարձնել եւ հակընդդէմ տեսակէտներ պատճառել քաղաքական շրջանակներու մէջ, երբ կ՛ենթադրուէր, որ այդ օրուան հպարտութիւնը  պիտի ըլլար անխառն ու զերծ` տարակարծութիւններէ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի առաջին եւ երկրորդ նախագահներուն անպատճառաբանելի բացակայութեան, անոնց համախոհ հետեւորդները թող դատեն ու հարց տան, թէ արդեօք քսանամեակի տօնական տողանցքը խափանելու (պոյքոթելու) միջո՞ցն է  այն ուղին, որ պիտի առաջնորդէ անկախութեան ու պետականութեան ամրապնդումին: Անկարելի՞ էր այդ առիթով զսպել քինախնդրութեան ու խարդաւանանքի մոլուցքը եւ գէթ յաչս հանրութեան ու յանուն պատշաճութեան մասնակից դառնալ համազգային հպարտութեան, երբ մանաւանդ իրենք են, որ միեւնոյն բանակի գերագոյն հրամանատարի, այսինքն` նախագահութեան աթոռին վերատիրանալու յայտնի-գաղտնի յաւակնութիւնը կը փայփայեն: Հոգեկան բարդոյթներով ղեկավարուող այդ մարդոց կարելի՞ է վստահիլ պաշտօն մը, որուն լիազօրութիւնները կրնան վճռորոշ ըլլալ ազգի ու հայրենիքի ճակատագիրին վրայ:

Համահայկական տարողութիւն ու մասնակցութիւն տալու նպատակով քսանամեակին,  կազմակերպուած էր նաեւ Հայաստան-սփիւռք համագումար, որուն հրաւիրուած էին շուրջ 500 սփիւռքի «ներկայացուցիչներ» – «ղեկավարներ»ը, ըստ պաշտօնական տեղեկատուութեան:

Հրաւիրեալները  իսկապէ՞ս սփիւռքի  «ներկայացուցիչներ» ու «ղեկավարներ» համարուելու հանգամանքը ունէին, թէ՞ ոչ մեր խնդիրը  եւ  քննելիք հարցը չէ (Այդ քննութիւնը կը թողունք սփիւռքեան խնդիրները յամառօրէն քրքրող-որոնող ու լուսարձակի տակ առնող վաւերական յօդուածագիրներու:  Ականջը խօսեցա՞ւ Յակոբ Պալեանին):

Ուրեմն, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, հայութիւնը իր բոլոր հատուածներով, պետական աւագանիով, բարձրաստիճան եկեղեցականներ իրենց գերագոյն պետերով կը մասնակցին համագումարին, որ խորհրդանշօրէն իրաւամբ կը ներկայացնէ հայ ազգի ամբողջութիւնը:  Ձեւով մը ներկայ օրերու «հայոց աշխարհաժողովը»:

Որքան որ հետեւեցանք լրագրութեան, հոն կը հնչեն օրուան ու տօնին պատշաճ խօսքեր, գովասանքի զեղումներ, յանձնառութեան խոստումներ, յաղթական երթը շարունակելու վճռական արտայայտութիւններ, որոնց ամբողջութիւնը կարելի է դիւրութեամբ տեղադրել-յարմարցնել անկախութեան կամ յաղթութեան մը տարեդարձի որեւէ առիթով արտասանուած ճառի մէջ:

Արտասանուած «կեցցէ»ներուն մէջ բացառութիւնը եւ ընդգծելին Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին դատապարտանքի սրբազան պոռթկումն  է շարունակուող խաթարուածութեան-փտածութեան դէմ (քոռուփցիա)  եւ… «Մենք մեր ձեռքերով Հայաստանը կը պարպենք իր ժողովուրդէն» հայրապետական զգաստացնող սաստը:

Այդ սաստը սրբազան պոռթկում մը ըլլալէ ետք, Հայոց աշխարհաժողովի դատաստանին յանձնուած հայրապետական ուժգնութեամբ հաստատուած դատավճիռ մըն է` Հայաստանի պետական աւագանիին ու քաղաքական ղեկավարութեան դէմ, ինչպէս նաեւ կոչուած է ըլլալու  քսանամեակի առաջնահերթ մարտահրաւէրը:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ` ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՐՔԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆՑ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.