
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծումը կը դիւրանայ նախագահական ընտրութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի անդրադարձաւ Ազգային երկխօսութեան եռօրեայ նիստին արդիւնքներուն` շեշտելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն` երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու իմաստով:
Պըրրի ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անբաւարար է երկրին քաղաքական հարցերուն լուծման համար:
Պըրրի ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահին հետ արծարծուած է Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին արծարծուած շարք մը հարցեր` աւելցնելով, որ այդ խորհրդակցութիւններուն նպատակն էր Լիբանանը փրկել իր տագնապէն:
Ապու Սաապ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ տագնապի լուծման նպատակով իր խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ Պըրրիի հետ` աւելցնելով, որ Պըրրիի եւ Պասիլի միջեւ տեսակէտներու համախոհութիւն կայ, ինչպէս նաեւ ջանք կը թափուի ազգային միտքերը ներդաշնակ դարձնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծման յանգիլ:
«Եթէ մինչեւ տարեվերջ կարելի չըլլայ երկրին տագնապը լուծել, ապա մուտք պիտի գործենք դէպի աւելի լուրջ տագնապ մը», ըսաւ Ապու Սաապ` յոյս յայտնելով, որ լուծումը խոչընդոտող կողմերը վերջ տան իրենց արգելակումներուն եւ Լիբանանը աւելի վատ պայմաններու չհասցնեն, որովհետեւ լիբանանցիները այդ բոլորը չեն հանդուրժեր», յայտնեց ան:


