
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 25-րդ ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը կը սկսի այսօր` շաբաթ, 6 օգոստոսին, Շիրակ – Փիւնիկ բացման մրցումով, որ պիտի սկսի ժամը 17:30-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով:
Իսկ վաղը` կիրակի, տեղի պիտի ունենայ Ալաշկերտ- Գանձասար Կապան մրցումը, որ սկիզբ պիտի առնէ ժամը 18:00-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով:
Այսօրուան մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Գէորգ Եղոյեան, իսկ վաղուան մրցումինը` Զաւէն Յովհաննիսեան:
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը համաձայնագիր մը կնքեց «Փան Արմինիըն Մետիա Կրուփ» ընկերութեան հետ, որ ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռէ որոշ մրցումներ:


