
Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի շատ հաւանաբար իր միտքը փոխելով վերադառնայ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբ, կը յայտնէ «Օլէ» պարբերաթերթը:
Կը նշուի, որ շատ հաւանաբար մօտիկ ապագային Մեսսի հանդիպում մը ունենայ Արժանթինի նոր մարզիչ Էտկարտօ Փաուսայի հետ:
Կը նշուի նաեւ, որ Մեսսի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 30 օգոստոսին Ուրուկուէյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ կատարուող 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:


