
«Ակունք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 4 օգոստոսին բարձրացուցած է յեղաշրջման փորձէն ետք` Թուրքիոյ մէջ յառաջացած քաղաքական մթնոլորտին պատճառով անապահով զգալու փոքրամասնութիւններուն հարցը:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, Տողան շեշտած է, որ Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութիւններուն խնդիրները պէտք է անյապաղ քննուին: Երեսփոխանը նաեւ նշած է, որ երբ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ նուազող որեւէ փոքրամասնութիւն հարցի մը մասին արտայայտուի, անմիջապէս կը բարձրացուին` «Հո՞ղ կ՛ուզեն», «Փոխհատուցո՞ւմ կը պահանջեն» եւ նման այլ հարցումներ:
Տողան ապա յայտնած է, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն ներկայացուցիչները կը շարունակեն իրենց դէմ հրահրուող ատելութեանց թիրախը մնալ` ուշադրութիւն հրաւիրելով այն հանգամանքին վրայ, որ նման հալածանքի արգելք հանդիսանալու համար փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են ոչ միայն օրէնքներու մէջ, այլեւ` թուրք հասարակութեան մտայնութեան մէջ:
«Նախ եւ առաջ, մեր ելոյթներուն նկատմամբ պէտք է մենք` քաղաքական գործիչներս, ուշադիր ըլլանք: Երբ իշխանաւորները կ՛ըսեն` «Կը ներէք արտայայտութեանս համար, ինծի նաեւ հայ կոչած են», ապա պատկերացուցէք, թէ ի՛նչ պիտի մտածէ հասցէատէր զանգուածը», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, թէ տխրահռչակ այդ արտայայտութիւնը կատարած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` ըսելով. «Իմ մասիս ինչե՜ր ըսած են: Ըսած են, որ վրացի եմ: Աւելի տգեղ բաներ ալ ըսած են® կը ներէք արտայայտութեանս համար, սակայն ինծի նաեւ հա՛յ կոչած են»:


