
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան եռօրեայ նիստերուն արդիւնքները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ: Քննարկուեցան Ժիպէյլի վերաբերող ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ ծովեզերեայ մայրուղիին շինութեան մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ եթէ յառաջդիմութիւն չարձանագրուէր, ապա Ազգային երկխօսութեան նիստի նոր թուական մը չէր ճշդուեր:
Ըստ նոյն գործակալութեան, վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան ու Ծերակոյտի հիմնադրութեան մասին խօսիլը անշարժ ենթահող մը հաստատելու փորձ մըն է:
«Հետեւաբար, երբ հանրապետութեան նախագահը ընտրուի, ապա ան իր մօտ հիմնական տուեալներ կ՛ունենայ` յաջորդ փուլին ընթացքին հարցերը լուծելու», նշուեցաւ գործակալութեան կողմէ:
Ան շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն արտայայտած ժխտական կեցուածքները Ազգային երկխօսութիւնը դարձուցած են ժխտական, մինչդեռ պահանջուածը քաղաքական բոլոր ուժերուն համեստութիւնն էր` յանգելու համար 5 սեպտեմբերի նիստին:


