Լիբանանեան բանակը երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին դարձեալ սկսաւ ռմբակոծել Արսալի բարձունքները գտնուող ահաբեկիչներուն` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը:
Միւս կողմէ, առաւօտեան բանակը խուզարկումներ կատարեց Քաայի եւ Պեքաայի կարգ մը շրջաններուն մէջ եւ այդ խուզարկումներուն շրջագիծին մէջ ձերբակալեց քանի մը տասնեակ գաղթականներ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Լիբանան:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին գործադրած զինուորական գործողութիւնը բառին բուն իմաստով եղած է որակական` նկատի ունենալով, որ անիկա ձախողեցուցած է ահաբեկչական հսկայ գործողութիւն մը, որ պիտի ցնցէր ամբողջ Լիբանանը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլած է բանակին կարգ մը զօրանոցներուն դէմ գործուելիք յարձակումներու շարք մը:
Եարզէի Մէջ

Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ նախորդ օրերուն արեւելեան սահմաններուն վրայ բանակին կողմէ գործադրուած զինուորական գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները:


