Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏ ՈՒՇ ԿԱՄ ԿԱՆՈՒԽ ՊԻՏԻ ՏԱՊԱԼԻ ԻՐ ԻՍԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

September 26, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բռնատիրական վարչակարգերուն օրերը անվերադարձ կորան: Իսկ Պաշշար Ասատ ուշ կամ կանուխ պիտի տապալի իր իսկ ժողովուրդին կողմէ», յայտարարեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` «Սի. Էն. Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին:

«Կարելի չէ բռնի ուժով մնալ իշխանութեան վրայ: Կարելի չէ դէմ դնել ժողովուրդի մը կամքին: Այս կացութիւնը թերեւս քիչ մը եւս երկարի, բայց, ուշ կամ կանուխ, եթէ ժողովուրդը Սուրիոյ մէջ ուզէ տապալել Ասատի վարչակարգը, ապա այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ, ինչպէս որ պատահեցաւ Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ մէջ», ըսաւ Էրտողան` դիտել տալով, որ ժողովուրդը կ՛ուզէ ազատ ըլլալ:

Խօսելով Թուրքիա – Իսրայէլ յարաբերութիւններուն վատթարացման հարցին մասին` Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ Թուրքիան Իսրայէլէն պահանջած էր ներման հայց, վնասուց հատուցում եւ Կազայի շրջափակման վերացում:

«Եթէ մեր այս պահանջները չկատարուին, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները այլեւս երբեք պիտի չվերադառնան իրենց բնականոն վիճակին: Մենք Իսրայէլի ժողովուրդին հետ խնդիրներ չունինք. մենք հարցեր ունինք իսրայէլեան իշխանութիւններուն որդեգրած դիրքորոշումներուն հետ», ըսաւ Էրտողան:

Պատասխանելով Իրանի հիւլէական թղթածրարին վերաբերող հարցումի մը` Թուրքիոյ վարչապետը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Իրան պիտի զրկուի հիւլէական արհեստագիտութիւն ունենալու իրաւունքէն, երբ շրջանին մէջ միայն Իսրայէլին կ՛արտօնուի ունենալ հիւլէական զէնքեր:

«Իրան կը պնդէ, որ հիւլէական արհեստագիտութեան տիրապետելու միակ նպատակը մատչելի ուժանիւթ հայթայթելն է: Մենք չենք ուզեր ենթադրութիւններու վրայ հիմնուելով Իրանի դէմ պատժամիջոցներու դիմել: Ասիկա անընդունելի է Թուրքիոյ համար», ըսաւ Էրտողան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետը, ամերիկեան «Փի. Պի. Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած այլ հարցազրոյցի մը ընթացքին պաղեստինեան հարցին մասին խօսելով ըսած էր, որ «Պաղեստինը վերածուած է բաց երկինքի տակ բանտի մը»` դիտել տալով, որ «նոյնիսկ մէկ սնտուկ լոլիկ կարելի չէ Պաղեստին մտցնել` առանց իսրայէլեան իշխանութիւններուն թոյլատուութեան: Ան հարց տուած էր. «Ո՞ւր է մարդկութիւնը, ո՞ւր է աշխարհը: Ինչո՞ւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը չի ցուցաբերուիր այդ մարդոց»:

 

 

 

 

Նախորդը

ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋԱԴՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

ԱՊՊԱՍ ՀԵՐՈՍԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՌԱՄԱԼԼԱՅԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։