Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թեհրան Կրնայ Վերսկսիլ Իւրանիոմի Հարստացման Ծրագիրին» Կ՛ըսէ Նեմաթի

August 4, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nemati_80316

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահի բանբեր Պեհրուզ Նեմաթի «Փրես Թի.Վի.»-էն յայտարարած է, որ Իրան կրնայ իւրանիոմի աւելի բարձր մակարդակով հարստացման ծրագիրին վերսկսիլ, եթէ Միացեալ Նահանգներ շարունակեն խուսափիլ հիւլէական ծրագիրի շուրջ համաձայնագիրով իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումէն:

«Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը ամբողջական ծրագիր է, եւ եթէ Միացեալ Նահանգներ զայն չկատարեն, ապա մենք պիտի արձագանգենք համապատասխան կերպով: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները կը յայտարարեն իրենց պարտաւորութիւններու կատարման մասին, սակայն անոնց խօսքերը կը տարբերին գործերէն: Հիւլէական համաձայնագիրի գործադրութեան սկսելու ժամանակէն աւելի քան վեց ամիս անցած է, սակայն մեծ դրամատուները ձեռնպահ կը մնան ատոր կէտերուն կատարումէն, միայն փոքր դրամատուները Իրանի հետ սահմանափակ ելեւմտական գործառնութիւններ կը կատարեն», նշած է Նեմաթին:

Ան յոյս յայտնած է, որ «5+1» խմբակը (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Բրիտանիա, Ֆրանսա+ Գերմանիա) ամէն պարագայի պիտի կատարէ միացեալ ծրագիրի ծիրին մէջ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Մինչ այդ, Միացալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձեց այաթոլլա Ալի Խամենէիին խօսքին` նշելով, որ հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ համաձայնութիւնը վստահութեան վրայ չէ կառուցուած:

Նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի ըսաւ. «Անիկա երբեք վստահութիւն չէ ենթադրած: Ենթադրած է ստուգում, համաձայնագիրի կէտերու կատարման ստուգման շատ խիստ կանոնակարգ»:

Ըստ Քըրպիի, Թեհրան եւ համաձայնագիրի միւս մասնակիցները կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները, եւ ինչպէս ինք յոյս ունի, պիտի շարունակեն կատարել զանոնք:

1 օգոստոսին Խամենէի յայտարարած էր, որ անցեալ տարի Իրանի եւ «5+1»-ի միջեւ կնքուած համաձայնագիրը դարձած է հերթական ապացոյց, թէ «թշնամիներուն կարելի չէ վստահիլ»:

«Ոչ մէկ պարագայի կարելի է թշնամիներուն վստահիլ: Ատոր հերթական օրինակը եւ համոզիչ ապացոյցը դարձաւ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը: Այսօր, նոյնիսկ այն դիւանագէտները, որոնք մասնակցած են բանակցութիւններուն, կ՛ընդունին իրականութիւնը, այսինքն այն, որ Միացեալ Նահանգներ չեն կատարեր իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները», նշած էր ան:

Նախորդը

Թեհրանի Մէջ Սէուտական Դեսպանատան Դէմ Յարձակումի Հարցով Վճիռը Պիտի Արձակուի Յառաջիկայ Շաբաթ

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Լուծումի Չգոյութեան Կը Հաւատայ» Կ՛ըսէ Թոնըր

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.