Երէկ առաւօտեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան այցելած է «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» եւ հանդիպում ունեցած Պաւել եւ Արամ Մանուկեաններուն հետ:
Թաթոյեան զրուցած է անոնց հետ, ուսումնասիրած անոնց կեցութեան պայմանները, իրաւունքներու ապահովման եւ բժշկական խնամքի կազմակերպման վիճակը:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, քրէակատարողական հիմնարկի վարչակազմի եւ բժշկական անձնակազմի վերաբերմունքին առնչութեամբ Պաւել եւ Արամ Մանուկեանները բողոքներ չեն ներկայացուցած:
Նոյն աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Թաթոյեանին ներկայացուցիչները պիտի շարունակեն այցելել ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած անձերուն, պիտի տեսակցին ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը 17 յուլիսի առաւօտեան գրաւած եւ երկու շաբաթ իրենց վերահսկողութեան տակ պահելէ ետք իշխանութիւններուն յանձնած զինուած խումբի միւս անդամներուն հետ:
Թաթոյեան Հանդիպում Ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան
Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Անտրէա Խալուփովա եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան քաղաքական եւ տնտեսական բաժինի ղեկավար Մեթիու Եուսեն 2 օգոստոսին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանին հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են վերջին օրերու զարգացումները` դատապարտելով ուժի կիրարկումն ու բռնութիւնը, ընդգծելով, որ որեւէ տագնապ անհրաժեշտ է լուծել միայն խաղաղ ուղիով:
Տեսակէտներ փոխանակուած են մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու, հաւաքներու, արտայայտման ազատութեան եւ ատելութեան հրահրման վերաբերեալ:
Լուսարձակի տակ առնուած է ոստիկանութեան կողմէ չափէն աւելի ուժի կիրարկման եւ զանգուածային ձերբակալութիւններու, որոնց կարգին ենթադրեալ բոլոր խախտումներուն վերաբերեալ արդիւնաւէտ եւ թափանցիկ քննութեան անհրաժեշտութեան հարցը:
Թաթոյեան ներկայացուցած է մշտադիտարկման ուղղութեամբ իր եւ իր աշխատակազմի անդամներուն գործունէութիւնը, այցելութիւնները կալանքի տակ գտնուող անձերուն եւ անհատական գործերուն հետեւիլը: Ան տեղեկացուցած է, որ իր գրասենեակը փաստաթուղթեր ներկայացուցած է գլխաւոր դատախազին` ենթադրեալ խախտումներու, ինչպէս նաեւ լրագրողներու նկատմամբ կատարուած բռնութիւններու դէպքերուն վերաբերեալ քրէական գործեր յարուցելու առնչուած:
«Հիումըն Ռայթզ Ուոչ». «Ոստիկանութիւնը Անհամաչափ
Ուժ Բանեցուցած Է Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ»
29 յուլիսին Հայաստանի մէջ ոստիկանութիւնը բանեցուցած է անհամաչափ ուժ խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ` բռնութեան ենթարկելով նաեւ ցոյցը լուսաբանող լրագրողները: «Հիումըն Ռայթզ Ուոչ»-ը նման զեկուցում հրապարակած է հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն մասին:
Հոն նշուած է, որ գործածուած են լուսաձայնային նռնակներ, որոնց պատճառով տուժած են ցուցարարներ եւ լրագրողներ: Ոստիկանները նաեւ ծեծած են ցոյցին մասնակիցներն ու լրագրողները, նաեւ անազատութեան մէջ պահած տասնեակ անձեր:
«Այս դէպքերուն հետաքննութիւնը պէտք է ըլլայ արագ եւ ամբողջական: Ոստիկանութիւնը պէտք է պահպանէ հասարակական կարգը, անոնք արտօնութիւն չունին իրենց գաղափարներն ու մօտեցումները խաղաղութեամբ արտայայտելու համար հաւաքուած մարդոց նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու», նշած է «Հիումըն Ռայթզ Ուոչ»-ի հարաւային կովկասի բաժանմունքի տնօրէն Ճիորճի Ճոճիան:
«Հիումըն Ռայթզ Ուոչ»-ի անդամները զրուցած է վկաներու եւ վիրաւորներու հետ, որոնք պատմած են դէպքին մանրամասնութիւնները:
«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու» Կազմակերպութիւնը Դատապարտած Է
Հայաստանի Մէջ Լրագրողներուն Հանդէպ Բռնութիւնները
«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը դատապարտած է 29 յուլիսին Երեւանի մէջ ցուցարարները ցրուելու գործողութեան ժամանակ ոստիկանութեան կողմէ լրագրողներուն նկատմամբ գործադրուած բռնութիւնները:
Կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 12 լրագրողներ վիրաւորուած են: Քաղաքացիական հագուստով ոստիկանները, զինուած մահակներով ու մետաղաձողերով, հարուածած են «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան լրագրողները: «Առաջին լրատուական», «Սիվիլնեթ», «Առաջին», «Փանորամա», «Լրագիր» եւ ռուսական «Լայֆ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներն ու նկարահանողները վիրաւորուած են ձայնային նռնակներէն: «Արմենիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան երկու լրագրողներու վրայ յարձակած են քաղաքացիական հագուստով անձեր, որոնք նաեւ կոտրած են անոնց տեսախցիկն ու բարձրախօսը: Քանի մը լրագրողներ ալ հիւանդանոց փոխադրուած են այրուածքներով ու այլ վէրքերով:
«Ակնյայտ է, որ տեսախցիկով լրագրողներուն վրայ յարձակումները միտումնաւոր էին», յայտարարած է կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի ու Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու ներկայացուցիչ Խոխան Պիր: «Անոնցմէ քանի մը հատին շարունակած են ծեծել նոյնիսկ նկարահանումները դադրեցնելու խոստումէ ետք: Նման վարքագիծ պէտք է պատժուի, որպէսզի հետագային չկրկնուի: Մենք իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` վերջ տալու լրագրողներուն հանդէպ ոստիկանական բռնութիւններու անպատժելիութեան ու յստակ ցուցումներ տալու հետագային նման ոճով չվարուելու վերաբերեալ», նշած է ան:
Ոստիկանութիւնը խոստացած է հետաքննութիւն կատարել, որպէսզի լոյս սփռէ կատարուած դէպքերուն վրայ:
Կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ, որ անցած տարի 21 լրագրող նման հանգամանքներու մէջ լիազօրութիւններու գերազանցման զոհ դարձած է, բայց անհատական գործերով միայն մէկ հետաքննութիւն կատարուած է, ու ոչ ոք պատասխանատուութեան ենթարկուած է: Նմանատիպ դէպքեր յաճախ կը կրկնուին Հայաստանի մէջ:
Մեղադրանք Առաջադրուած Է «Սասնայ Ծռեր» Խումբի
Անդամներէն Արա Խանդոյեանին
Մեղադրանք առաջադրուած է «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներէն Արա Խանդոյեանին («Միայնակ գայլ»)` պատանդ վերցնելու եւ ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու զոյգ յօդուածներով:
Խանդոյեանի պաշտպան Արա Պապիկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է, որ իր պաշտպանը մեղադրանքը չէ ընդունած եւ փաստաթուղթերը չէ ստորագրած: Ան աւելցուցած է, որ Խանդոյեանի խափանման միջոցի հարցը տակաւին չէ քննարկուած:
Մարտիրոսեան, Խուրշուդեան, Սանասարեան Եւ
Ղուկասեան 2 Ամիսով Կալանաւորուեցան
Արաբկիր եւ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին որոշումով, Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամներ Արմէն Մարտիրոսեանի, Յովսէփ Խուրշուդեանի, Դաւիթ Սանասարեանի, «Նոր Հայաստան»-էն Անդրէաս Ղուկասեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը` երկու ամիսով: Այս տեղեկութիւնը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է Արմէն Մարտիրոսեանի փաստաբանը` Գիւի Յովհաննիսեան:
Անոնք կը մեղադրուին 29 յուլիսին Սարի թաղի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելնուն համար:
«Ակնյայտ ապօրինի ու անհիմն որոշումին դէմ բողոք պիտի ներկայացուի Հայաստանի վերաքննիչ քրէական դատարանին», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Անդրէաս Ղուկասեանի փաստաբան Երուանդ Վարոսեան:
Լրագրական Կազմակերպութիւնները Կը Պահանջեն
Ազատ Արձակել Եղիշէ Պետրոսեանը
Աւելի քան տասնեակ մը լրագրական կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին` Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէն, Երեւանի մամլոյ ակումբը, Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոնը, լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբը, Ինֆորմացիայի ազատութեան կեդրոնը (նախկին «Ինթերնիուզ»), հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն` պահանջելով ազատ արձակել «Արձագանգ» ձայնասփիւռի կայանի հիմնադիր-տնօրէն Եղիշէ Պետրոսեանը:
Նկատի առնելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ներում հայցելը, լրագրական կազմակերպութիւնները անոր ուշադրութեան յանձնած են այն, որ վերոյիշեալ դէպքերուն ընթացքին անիրաւաբար ձերբակալուած է «Արձագանգ»-ի հիմնադիր-տնօրէն Եղիշէ Պետրոսեանը, որ առողջական վիճակի վատթարացման պատճառով կը գտնուի Մալաթիոյ «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնը` ո՛չ միայն բժիշկներու, այլ նաեւ ոստիկաններու հսկողութեան տակ:
«Անոր ներկայացուած մեղադրանքը` զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելը, ուղղակի անհեթեթ է, յատկապէս Եղիշէ Պետրոսեանին ճանչցողներուն համար: Ուստի իրավիճակը շտկելու իբրեւ առաջին քայլ` նախագահ Սարգսեանէն կը պահանջենք վերականգնել մեր գործընկերոջ խախտուած սահմանադրական իրաւունքը եւ միջոցներու ձեռնարկել ժամ առաջ զայն ազատ արձակելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Բաղրամեան Փողոցին Մէջ
Ինքնահրկիզման Դիմած Անձը Մահացած Է

Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին` 30 յուլիսին, ինքնահրկիզման փորձ կատարած Քաջիկ Գրիգորեան 2 օգոստոսին մահացած է Ճառագայթային բժշկութեան եւ այրուածքներու գիտական կեդրոնին մէջ:
Նախապէս հիւանդանոցէն յայտնած էին, որ Քաջիկ Գրիգորեանի վիճակին մէջ ոչ մէկ բարելաւում կայ, անոր այրուածքները երկրորդ` թունաւորման շրջան թեւակոխած էին:
Նշենք, որ անոր վերին շնչուղիներուն 15 եւ մարմնի մակերեսին 55 տոկոսը այրած էր:
Յիշեցնենք, որ 50-ամեայ Քաջիկ Գրիգորեան ինքնահրկիզման փորձ կատարած էր 30 յուլիսին, երբ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման պահանջներուն սատարող քաղաքացիները երթով ուղղուած էին դէպի Բաղրամեան պողոտայ եւ, հանդիպելով ոստիկաններու շարքին ու պողոտան փակած փշալարերուն, որոշած էին նստացոյց կատարել: Հաւաքին մասնակիցները անմիջապէս փորձած են կրակը մարել, անկէ ետք Գրիգորեան թաքսիով գացած է հիւանդանոց` մերժելով նստիլ ոստիկանական ինքնաշարժ:
Կազմուած Է «Սասնայ Ծռեր» Խումբի Անդամներու
Պաշտպանութեան Խումբ
Կազմուած է «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներու պաշտպանութեան խումբ, որ ստանձնած է անազատութեան մէջ գտնուող խումբի անդամներուն իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ «Իրաւունքի Եւրոպա միաւորում» հասարակական կազմակերպութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ այդ խումբին մաս կը կազմեն նշանաւոր փաստաբաններ Վահէ Գրիգորեան, Մուշեղ Շուշանեան, Կարապետ Բադալեան, Տիգրան Եգորեան, Լուսինէ Յակոբեան, Դաւիթ Գիւրջեան, Լուսինէ Սահակեան, Երուանդ Վարոսեան, Արա Զաքարեան, Արայիկ Պապիկեան, Մոնիքա Մարգարեան եւ Լուսինէ Մարտիրոսեան: Տակաւին փաստաբաններ չունեցող անդամներուն հարազատները հրաւիրուած են դիմելու պաշտպանութեան խումբին:
Պաւել Մանուկեան Պէտք Է Վիրահատուի
«Սասնայ ծռեր» խմբաւորման անդամ Պաւել Մանուկեան յառաջիկային պէտք է վիրահատուի, սակայն վերջինս դեռ կը գտնուի «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»-ը եւ հացադուլ կը կատարէ: Այս մասին յայտարարած է անոր փաստաբանը` Ինեսա Պետրոսեան, որ Արամ եւ Պաւել Մանուկեաններուն կողքին ստանձնած է նաեւ Պաւել Մանուկեանի կնոջ եղբօր` Մխիթար Աւետիսեանի պաշտպանութիւնը:
Փաստաբանը Պաւել Մանուկեանի առողջական վիճակը գնահատած է ծանր: Փաստաբանին համաձայն, այն աղմուկը, որ բարձրացաւ զանոնք անմարդկային պայմաններու մէջ պահելու երեւոյթին գծով, արդէն իր արդիւնքը տուած է, սակայն փաստաբանը պնդած է, որ Մանուկեանները պէտք է տեղափոխել քաղաքացիական հիւանդանոց:


