ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծումներ գտնելու անհաւանականութիւնը քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հսկայ հարցեր կրնայ ստեղծել:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան երէկ շնորհաւորական գիր մը յղեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի` լիբանանեան բանակի տօնին առիթով: Ան շնորհաւորեց բանակը` շեշտելով, որ այս դարը բանակի յաղթանակին եւ ահաբեկչութեան պարտութեան դարն է:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը մօտիկ ապագային լուծելու առումով նախանշաններ կամ տուեալներ չկան: Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը դէպի անորոշութիւն կատարուելիք ոստում մըն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն նոր անուանումը գետնի վրայ ոչինչ պիտի փոխէ, այլ կացութիւնը պիտի մնայ նոյն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Քարամէ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու` հաստատելով, որ պայքարի եւ կռիւի կիսուն կարելի չէ հրամանատարներ եւ պատասխանատուներ փոխել: Քարամէ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահ մը կարելի ըլլայ ընտրել, նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ արտաքին աշխարհը նախագահական ընտրութեան առումով յստակ կեցուածք ունի եւ ան երբեք չէ հետաքրքրուած Լիբանանի կացութեամբ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Իրան չի փափաքիր, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս նախագահական ընտրութիւններ կատարուին, որովհետեւ ան կ՛ուզէ ինքնիրեն շահեր ապահովել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի մերժեց մեծ յոյսերով ներշնչուիլ եռօրեայ երկխօսութենէն, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերեալ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ եթէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու յոյս ըլլայ, ապա իրենք պիտի ըլլան խորհրդարան ուղղուող երեսփոխանական առաջին պլոքը:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ օգոստոս ամսուան ընթացքին անկարելի պիտի ըլլայ համաձայնիլ ընտրական օրէնքի մը, հանրապետութեան նախագահի մը եւ կառավարութեան մը շուրջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ ինք ոչ մէկ ակնկալութիւն ունի եռօրեայ երկխօսութեան նիստէն` աւելցնելով, որ Լիբանան պարզապէս կը գտնուի սպասումի նոր փուլի մը դիմաց:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Զիատ Շպիպ պահանջեց խստացնել Քոլայի շրջանին մէջ մուրացկաններուն հետապնդումը` հակակշիռի տակ պահելու համար ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ թեթեւցնելու համար երթեւեկի խճողումը:
ՍԱՅՏԱՅԻ քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին շնորհաւորեց բանակի տօնին առիթով: Ան կոչ ուղղեց ամէն իմաստով զօրակցելու լիբանանեան բանակին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը հաւանական է օգոստոս ամսուան ընթացքին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներ կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց որդեգրելու համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը, որուն շրջագիծին մէջ մեծ ընտրաշրջանները կ՛որդեգրուին:
ԸՍՏ «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին, Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները գաղտնի ժողովներ կը գումարեն` ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնելու նպատակով:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ծայրայեղական իսլամականութիւնը բռնի ուժով չի կրնար ինքզինք պարտադրել ո՛չ Լիբանանի եւ ո՛չ ալ Եւրոպայի մէջ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, որ անոնք կը մերժեն մեծամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքը, որովհետեւ տակաւին ատոր գործադրութիւնը անկարելի է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով պաշտօնական եւ վստահելի աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ քրիստոնեայ կարգ մը աղբիւրներ եւ հեղինակութիւններ միջազգային ընտանիքէն խնդրած են աշխուժ կերպով գործակցիլ` ահաբեկչութիւնը արմատախիլ դարձնելու նպատակով:


