Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մամուլը Պահելը Նաեւ Մեր Հայկական Դիմագիծը Պահել Է

July 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

158_72616

Լիբանանի մէջ վտանգուած տպագիր մամուլի հարցը դարձեալ լուսարձակի տակ էր երէկ:

Լիբանանեան տպագիր մամուլի աշխատակից շատ մը պաշտօնակիցներ, որոնք պաշտօնէ արձակուած են տուեալ մամուլին նիւթական նեղութեան պատճառով, գանգատ ներկայացուցին Լրագրողներու սենտիքային, թէ նկատի ունենալով իրենց դժուար կացութիւնը, մամուլի տէրերը շահագործելով ընկերային դառն վիճակը` սկսած են իրենց գործ առաջարկել շատ ցած աշխատավարձով, որով անկարելի է արժանապատւութեամբ ապրիլ:

Ահաւասիկ Լիբանանի տնտեսական դժուար կացութեան ստեղծած ընկերային այլ հարց մը, որ ունի աւելի քան մութ հեռանկար, երբ նկատի ունենանք, որ տպագիր մամուլը արհեստագիտութեան ու համացանցի յառաջացումով արդէն իսկ համաշխարհայնօրէն կը գտնուի մութ փապուղիի մը մէջ, որմէ, ըստ երեւոյթին, դժբախտաբար քիչ հաստատութիւններ ապահով դուրս պիտի գան:

Հայ  տպագիր մամուլը ինչ-որ չափով տակաւին կը տոկայ սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, ի գին ամէն դժուարութեանց: Աշխատինք ու ջանանք, որ համաշխարհային այս ալիքը չհարուածէ նաեւ զայն:

Համահայկական զօրաշարժ եւ ռազմավարութիւն պէտք է` շրջանցելու այս վտանգը:

Վտանգը այս պարագային բնականաբար ազգային առումով է, որովհետեւ հայ մամուլը իր մասնագիտական ծառայութենէն զատ, նաեւ յենասիւներէն է ազգապահպանման` իր հայեցի ուղղուածութեամբ հայ ժողովուրդը զգաստ պահելու իր էութեան եւ իրաւունքներուն նկատմամբ: Հետեւաբար հայ մամուլը պահելը նաեւ մեր հայկական դիմագիծը պահել է:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Ինճիրլիք Օդային Ռազմակայանը` Պատմական Ակնարկ, Եւ Գործածութեան Ու Այցելութեան Խաղաքարտը

Յաջորդը

Կիզակէտ` Յուլիս Բ. – Հալէպի Պատերազմը` Տագնապի Հանգուցալուծման Վերջին Փուլ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.