ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆի հետ` անոր Եարզէի բնակարանին մէջ: Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք յայտարարուեցաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Սքաֆ ընտանիքին միջեւ հաշտութիւն գոյացած է: Նշենք, որ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները խզուած էին երեսփոխան Էլի Մարունիի եղբօր` Նասրի Մարունիի սպանութենէն ի վեր:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ քաղաքական տարակարծութիւններուն պատճառով է, որ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու նուազուրդի հոլովոյթը յապաղում կ՛արձանագրէ: Ան նշեց, որ այս հարցով իրենք միջին լուծում մը ներկայացուցած են:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մեկնեցաւ Փարիզ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն յայտնեց, որ Լիբանան ենթակայ է ահաբեկչական գործողութիւններու, սակայն Պէյրութի ֆրանսական դեսպանատան ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ, որովհետեւ լիբանանցիները յանձնառու են ֆրանսացիներուն ապահովութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը, որ բոլոր լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ, նախկին նախարար Հասան Մնայմնէ շեշտեց, որ իրենց համար մերժելի է պաղեստինեան հարցն ու սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը իրարու միաձուլել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարելի պիտի ըլլայ կատարել, երբ Իրան եւ Հըզպալլա այդ թղթածրարը «ազատ արձակեն»:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պէտք է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ լուրջ երկխօսութեան նախաձեռնէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կ՛ուղղուի յաւելեալ պառակտումի եւ պետական հաստատութիւններուն լուծարման` նախագահական ընտրութիւն չկատարելու պարագային:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը կարելի է լուծել երկրին քաղաքական ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը փոփոխութեան ենթարկելով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ձեւով մը վերջ դնելու Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռի թափուր իրավիճակին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան տագնապի լուծումը կարելի է ապահովել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրելով հանրապետութեան նախագահ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկացի պատասխանատուէ մը, կը գրէ, թէ Ուաշինկթըն արգելք պիտի հանդիսանայ Լիբանանի կառավարութիւններուն մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցչութեան:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան նախանցեալ օրուան նիստին ընթացքին հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի եւ արտաքին գործոց ու կրթութեան նախարարներ Ժըպրան Պասիլի եւ Էլիաս Ապու Սաապի միջեւ բանավէճը ստացաւ սուր բնոյթ:
ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի պիտի մերժէ, որ իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումին մասին տարակարծութիւններ արձանագրուին:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը սկսած է, սակայն անիկա լուսարձակներէ հեռու կը պահուի:


