
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զարմացուցած է զիրենք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցելով:
Ան աւելցուց, որ այս իմաստով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ խորհրդակցութիւններ չկան, սակայն Ժոմպլաթ ազգային նկատառումներով է, որ զօր. Աունի թեկնածութեան զօրակցութիւն կը յայտնէ` պահպանելու համար երկիրը:
Ապու Ֆաուր յայտնեց նաեւ, որ յառաջիկայ օրերը Լիբանանի համար կրնան տագնապալի ըլլալ` նկատի ունենալով քաղաքական զանազան կողմերուն ստանձնելիք պատասխանատուութիւնները, յատկապէս ապահովական կառոյցներու պետերը նշանակելու իմաստով:
Լիթանի գետի ապականումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապու Ֆաուր ըսաւ, որ ատիկա լուրջ հարց է եւ անմիջապէս պէտք է նախաձեռնել գետին մաքրութեան, որուն մէջ իր ներդրումը պէտք է ունենայ ընդհանուր դատախազութիւնը:
Անդրադառնալով քարիւղի եւ բնական կազի մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ գոյացած համաձայնութեան` Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ այդ համաձայնութիւնը տակաւին անյստակ է` հարց տալով, որ արդեօք քարիւղի ազգային ընկերութի՞ւն, թէ՞ ազգային սնտուկ պիտի հիմնուի:


