
Երկու շաբթուան ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու նպատակով, Գանձասար – Կապան մեկնեցաւ Պուլկարիա, յայտնեց Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կը նախատեսուի, որ ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին կապանեան խումբը Պուլկարիոյ մէջ ֆութպոլի բարեկամական չորս մրցումներ կատարէ:
Խումբի գլխաւոր մարզիչ Աշոտ Բարսեղեան 21 ֆութպոլիստներով մեկնեցաւ Պուլկարիա:


