
ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ 16 յուլիսին Պերլինի մէջ (Գերմանիա) գտնուող Մաքս Շմելինկ մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ նորվեկիացի Թիմ-Ռոպին Լիհաուկ ճակատումը:
Աբրահամ նշեց, որ իրեն համար կարեւոր էր աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը վերադարձնելը, եւ 16 յուլիսին տեղի ունենալիք այս մենամարտը իրեն համար մեծ քայլ մըն է դէպի իր այդ մեծ նպատակի իրականացում:
Իր կարգին, 23 տարեկան նորվեկիացին ըսաւ, որ պիտի պայքարի յաղթանակ արձանագրելու համար:
Նշենք, որ այս ճակատումը, ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն:


